Մ. Լ.
Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերի իրիկունը, Փարիզի Սեն Ռոք եկեղեցին կը յորդէր բազմութեամբ: Աւելի քան 700 երաժշտասէրներ համախմբուած էին ունկնդրելու Հայկ Սարգիսեանի ղեկավարած «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին: Խումբերով հայեր եկած էին նաեւ Ֆրանսայի զանազան շրջաններէ՝ Մարսիլիայէն, Լիոնէն, Վալանսէն… Ներկայ էին գաղութին կղերը, միութեանց, կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ:
Այս անգամ «Սիփան-Կոմիտաս»ի հետ ելոյթ կ՛ունենար նաեւ «Նայիրի» լարային հնգեակը, ղեկավարութեամբ՝ Հայկ Դաւթեանի, որ առաւել փայլ տուաւ երեկոյթին:
Բացման խօսքէն ետք համերգը սկսաւ Կոմիտասի «Սիրտ իմ սասանի» երգով, որուն յաջորդեց Ասլամազեանի մշակած «Ալ այլուղս» նշանաւոր ստեղծագործութիւնը, զոր պատշաճօրէն ներկայացուց լարային հնգեակը: Այնուհետեւ ունկնդրեցինք Հայկ Դաւթեանի մշակած «Լէ լէ եաման»ը, որ մեծ յուզումով կատարեց սոփրանօ Նայիրա Աբրահամեան: Անկէ ետք Կոմիտասի «Աստուած իմ» երկի արտասանութեամբ հանդէս եկաւ Մարինա Յովհաննիսեան. դժբախտաբար, բարձրախօսը այնքան կ՛արձագանգէր, որ հասկնալի չեղան բառերը: Յայտագիրի առաջին բաժինով երգչախումբը յաջորդաբար մատուցեց փունջ մը տարբեր խմբերգներ, ինչպէս՝ «Քելեր, ցոլեր», «Հովն անուշ»…, իսկ նուագախումբը՝ «Հոյ Նազան», «Վաղարշապատի պար»ը: Իր բացառիկ ձայնով ներկաները հմայեց թենոր Արտաւազդ Սարգսեան, մեկնաբանելով «Ծիրանի ծառ»ը:
Ընդմիջումէն ետք շարունակուեցաւ համերգային ճոխ ծրագիրը: Լարային հնգեակին կատարած «Կռունկ»ը, «Երկինքն ամպել է», եւ «Շողեր ջան»ը երկար ծափեր խլեցին խանդավառ հանդիսականներէն: Իսկ Հայկ Սարգիսեանի խմբավարած երգչախումբին հրաշալի կատարողութեամբ հնչեցին «Երկնից գետնից», «Ել, ել», Ալեքսանդր Յարութիւնեանի մշակած «Գթա՛, Տէր»ը, Կոմիտասի «Հայր մեր»ը եւ հուսկ՝ «Ամէն Հայի սրտից բխած» հայրապետական մաղթերգը:
Խեն Ռոք եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հնչած երգով, երաժշտութեամբ եւ արտասանութեամբ շաղախուած կոմիտասեան բարձրորակ համերգը երկար ժամանակ վառ պիտի մնայ ներկաներու յիշողութեան մէջ։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»