Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ հիմնական թեկնածուներու նախընտրական աշխատանքները կը շարունակուին: Այս ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ: Խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուած էր սրահին մէջ, ուր համախմբուած էր հոծ բազմութիւն մը: Նորին սրբազանութեան համակիրները, որոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինք, սրահին մէջ զօրակցութեան արշաւի մթնոլորտ մը ստեղծած էին: Սահակ եպս. Մաշալեանն ալ այս մթնոլորտին մէջ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ՝ փոխանցելով իր դրական պատգամները:
Սահակ եպս. Մաշալեանի հետ զրոյցը վարեցին՝ Սայաթ Տելիճէ եւ Խաչիկ Ճանէլ:
Երեկոյթի տեւողութեան նորին սրբազանութիւնը հանդէս եկաւ համայնքային օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ խորհրդածութիւններով:
Նոր սերունդին վերաբերեալ նիւթերուն վրայ առաջնահերթօրէն կանգ առնելուն առընթեր, նորին սրբազանութիւնը մատնանշեց համայնքային առաջնահերթ խնդիրներու վերաբերեալ իր մօտեցումները: Համայնքային կեանքին մէջ վարչակազմակերպչական ընդհանուր թերութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ կարծիքներ արտայայտելուն առընթեր, ան դիտել տուաւ՝ իբրեւ տեղապահ պաշտօնավարած շրջանին պետութեան հետ մշակած յարաբերութիւնները: Ըստ իրեն՝ տեղապահներով կամ փոխանորդներով ընթանալը անկարելի է: Այսօր պետութիւնն ալ կ՛ակնկալէ, որ մեր համայնքը ունենայ պատրիարք մը: Աւելի վերջ, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ պետութիւնը համոզել, որպէսզի ընդհանրական լիազօրութիւններով կեդրոնական վարչութիւն մը ունենայ մեր համայնքը: Սա հնարաւոր կրնայ դարձնել հասարակաց պիւտճէի մը ծրագրումը եւ առկայ բազում խնդիրներու լուծումը: Այսօր մեր համայնքային վարիչները կը ջանան այլեւս հեռանալ իրենց պաշտօններէն՝ պիւտճէի բացերուն հետեւանքով, մինչդեռ համայնքի բոլոր հասոյթները կը պատկանին ընդհանուրին:
Սահակ եպս. Մաշալեան խօսեցաւ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մանրամասնութիւններուն մասին: Ան բացատրեց, որ մեր համայնքը 12 տարիէ ի վեր կը սպասէր պետութեան կողմէ պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուելուն:
Սահակ եպս. Մաշալեան թէեւ հարիւր տոկոս չարդարացուց քննադատութիւններու դուռ բացած կանոնադրութիւնը, սակայն ըսաւ. «Մենք չենք կրնար սպասել արտասահմանի թեկնածուներուն համար»: Ան ըսաւ, որ սա եղած է ժողովուրդին ընտրութիւնը եւ յիշեցուց, որ պատրիարքական աթոռը չունի մշտական կանոնադրութիւն մը: Նորին սրբազնութեան տրամաբանութիւնը այն էր, որ անկարելի է այլեւս երկարաձգել պատրիարքական ընտրութիւնը:
Հարցում-պատասխանի բաժինին մէջ ալ Սահակ եպս. Մաշալեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այն նիւթերուն շուրջ, որոնց կապակցութեամբ պարզեց իր մօտեցումները: Նորին սրբազանութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ համամիտ չէ մեր համայնքի այն շրջանակներուն հետ, որոնք կը պատրաստուին պատրիարքական ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկել: Ան յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին երկխօսութեան միջոցաւ, համոզման ջանքերու շնորհիւ կը հարթուին նմանօրինակ խնդիրները:
Ասուլիսի աւարտին, արձակման փուլին, Սահակ եպս. Մաշալեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ միջոց մը եւս շարունակուեցան մտերմիկ զրոյցները:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»