Լիբանանի ժողովուրդը փողոց իջած է: Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ողջ ժողովուրդը, առանց կրօնական, համայնքային ու քաղաքական տարբերութեան, իր պահանջները յստակօրէն կը պարզէ պետական իշխանութեան: Ըսած ենք ու կը կրկնենք. կը բաժնենք ժողովուրդին պոռթկումը եւ արդար սպասումը:
Նման կացութեան դիմաց, անհրաժեշտ է խոհեմ ու իրապաշտ մօտեցում ունենալ: Զգացական արտայայտութիւններ ու հապճեպ քայլեր եւ քաղաքական շահարկումի փորձեր կրնան կացութիւնը աւելի սրել: Քաղաքական պատասխանատուներ պէտք է հեռու մնան յանցաւոր փնտռելու ու զիրար այպանելու մօտեցումներէն: Առաջնահերթը ու հիմնականը ժողովուրդը համոզող գործնական քայլերու դիմելն է: Ժողովրդային յեղափոխութեան առաջին իսկ օրը մեր տեսակէտը պարզեցինք՝ երկիրը տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու միտող: Նոյնը կը կրկնենք.
1) Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութիւնը, իր զանազան երեսներով ու հետեւանքներով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, թէ ներկայ կառավարութեան մաս կը կազմեն Լիբանանի քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները, անհրաժեշտ է որ ներկայ կառավարութիւնը շարունակէ մնալ: Անոր հեռացումը կրնայ նորանոր բարդութիւններ ստեղծել եւ երկիրը անորոշութեան մատնել:
2) Անհրաժեշտ է, որ բարձրագոյն աստիճանի պետական պատասխանատուներն ու կառավարութիւնը, քաղաքական բոլոր կողմերուն ամբողջական աջակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, հրապարակային խոստում տան ժողովուրդին, թէ շուտով պիտի դիմեն ժողովուրդին կեանքը բարելաւող գործնական քայլերու:
3) Տրուած հրապարակային խոստումին ու կատարուած գրաւոր յանձնառութեան մէջ պէտք է յստակօրէն ճշդուին այն գործնական քայլերը, որոնց կառավարութիւնը շուտով պիտի դիմէ՝ տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս:
4) Բարեկարգումի կարօտ մարզերու եւ առնուելիք քայլերու սոսկ յիշատակումէն անդին, անհրաժեշտ է որ յստակ ժամանակացոյց մը ճշդուի՝ բնականաբար կատարուելիք բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը ու տարողութիւնը նկատի ունենալով:
5) Կառավարութեան կողմէ կատարուելիք բոլոր բարեկարգումները յստակ մէկ նպատակ եւ ուղղութիւն պէտք է ունենան. ժողովուրդը հեռու պահել տնտեսական յաւելեալ տուրքերէ, ինչպէս նաեւ մշակել տնտեսական բարեկարգումի նոր ծրագիր մը՝ հանգրուանային կերպով իրագործելի: Կատարուելիք այս աշխատանքներուն գծով կառավարութիւնը միշտ պէտք է համարատու մնայ ժողովուրդին:
Նման գործնական քայլերու դիմելով, մեր կարծիքով, երկիրը բարեկարգումի ու զարգացումի դրական ընթացքի մէջ կը մտնէ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ