ՀԱԼԷՊ.- Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութան դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Ճորճ սրկ. Պրիխանեանի՝ զայն վերանուանելով Մանուկ աբեղայ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն՝ միաբանութեան բոլոր ձեռնադրութիւնները եւ վարդապետական յատուկ աստիճանի տուչութիւնները կը կատարուին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Այս պարագային, նկատի ունենալով կարգ մը իւրայատուկ պայմաններ, Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր արտօնութեամբ, աբեղայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը կատարուեցաւ Հալէպի պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Յայտնենք, որ նորընծայ Մանուկ աբեղան Դպրեվանքի ընծայարանի բաժինը աւարատած էր Յունիս ամսուն եւ իր դասընկերները արդէն իսկ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էին՝ վերակոչուելով Սարգիս, Գէորգ եւ Յակոբ աբեղաներ:
Ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Դպրեվանքի հսկիչներէն Զաւէն վրդ. Նաճարեան:
Մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ Շաբաթ երեկոյեան կատարուեցաւ Կոչման Արարողութիւնը, Կիրակի առաւօտեան՝ ձեռնադրութիւնն ու օծումը, իբրեւ կնքահայր ունենալով տէր եւ տիկին Սարգիս Կիրակոսեանները:
Ձեռնադրութեան ներկայ էին թեմի Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:
Նորընծայ հայր սուրբը իր քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ հոգեմտաւոր պատրաստութեան շրջանը պիտի անցընէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա, ընդառաջելով թեմի փափաքին, վեհափառ հայրապետին արտօնութեամբ պիտի ծառայէ թեմեին մէջ՝ իբրեւ առաջնորդի օգնական, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ կրօնքի դասատու եւ Դպրեվանքի ներկայացուցիչ: