ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2019ի յետմիջօրէի ժամը 1:00ին, Գամիշլիի գլխաւոր հրապարակին վրայ Ճէզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանն ու Գամիշլիի ազգայինները, հայ կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր հովիւներու հետ միասին մասնակցեցան թրքական ներխուժման դէմ Գամիշլիի ժողովուրդին միասնական բողոքի ցոյցին։
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին՝ սանձելու Թուրքիոյ վայրագութիւններն ու ներխուժումը սուրիական հիւսիսային շրջաններ, կանխարգիլելու մարդկային յաւելեալ աղէտներ։
Responsible authorities must apply to the UN. To stop the invasion