ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, «System of a down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, որ կը մասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող WCIT-ի՝ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողովին, 9 Հոկտեմբերին խօսք առաւ «Արհեստագիտութիւններ, հասարակութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» խորագիրով քննարկման ընթացքին:
«Ես կը կարծեմ, թէ շատ մութ կողմեր կան այն երեւոյթին մէջ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ թուային աշխարհին մէջ: Անոնցմէ մէկը մեկուսացումն է, որ մարդիկ կը զգան: Օրինակ՝ կը մտնես «Ֆէյսպուք», ուր ունիս ընկերներ, սակայն անոնք քու իրական ընկերներդ չեն», նշեց Թանքեան։
Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ համացանցի վրայ մարդիկ, ունենալով անանուն ըլլալու կարելիութիւն, կը կարծեն, թէ իրաւունք ունին ըսելու իրենց ուզածը։ Այս առումով Թանքեան յատկապէս մատնանշեց ընկերային ցանցերը:
Միեւնոյն ժամանակ, աշխարհահռչակ երաժիշտը դիտել տուաւ, որ նկատի ունենալով, որ որեւէ տեղեկութիւն մարդոց հասանելի է վայրկեաններու ընթացքին, մարդիկ չեն խորանար նիւթերու մէջ։
Սերժ Թանքեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստան ի վիճակի կ՛ըլլայ նիւթականացնելու այն բոլորը, որ արձանագրուեցաւ Երեւանի մէջ ընթացող Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողովին։ «Տարբեր քննարկումներ տեղի ունեցան, տարբեր մարդիկ իրարու հետ հանդիպումներ ունեցան: Ես գիտեմ հայկական բազմաթիւ ընկերութիւններ, որոնք օգուտ կը քաղեն տեղեկատուական արհեստագիտութեան այս համաժողովներէն», ըսաւ Թանքեան։