ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 9 Հոկտեմբերին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան «Մատենադարան» հին ձեռագիրներու գիտական եւ հետազօտական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10ամեակին նուիրուած՝ «Ապրել խելացի. հզօրացնել երիտասարդները» խորագիրով համաժողովը, որ կազմակերպուած է արտաքին գործոց, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւններու միացեալ ջանքերով: Անոր մասնակցեցան նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու՝ կրթութեան, երիտասարդութեան եւ նորարարութեան հարցերով զբաղող պաշտօնեաներ, «Եւրոպական երիտասարդ դեսպաններ ծրագիր»ի մասնակիցներ:
Այս առիթով խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ Հայաստանը նկատեց մեծ սթարթափ մը, որ հարուստ եւ հազարամեայ պատմութիւն ունի, բայց այսօր սթարթափի վիճակի մէջ է։ «Շատերը մտածում են, որ մենք շատ աւելի մեծ ներուժ ունենք, քան իրականում օգտագործում ենք, դա հէնց ստարտափի նկարագրութիւնն է: Հայաստանը ստարտափ է, եւ նրա հնարաւորութիւնները բազմաթիւ են: Համոզուած եմ, որ մենք յաջողութեան կը հասնենք», նշեց ան։
Անդրադառնալով համաժողովի խորագիրին՝ «Ապրել խելացի», Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ 21րդ դարուն խելացի ապրիլը ոչ միայն թուային արուեստի համակցումն է, այլ նաեւ ամէն ինչ համակցելը: Դիմելով համաժողովի երիտասարդ մասնակիցներուն՝ նախագահը յորդորեց. «Խելացի ապրելը շատ աւելի լայն հասկացութիւն է: Ես քաջալերում եմ երիտասարդ սերնդին ապրել խելացի, կրթութիւնը ճիշտ օգտագործել, հնարաւորինս շատ բան սովորել: Ֆիզիկապէս խելացի ապրելու սովորութիւն ունեցէք, մարզուէք, ուշադիր եղէք սննդակարգին, բայց մնացէք երիտասարդ, ինչպէս Շառլ Ազնաւուրը 94 տարեկանում, ում վերջին համերգը մահուանից մի քանի օր առաջ էր տեղի ունեցել: Խելացի ապրէք Քըրք Քըրքորեանի նման, ով իր վերջին բիզնես գործարքն արել էր մահուանից երկու օր առաջ: Կեանքն ապրէք որպէս երիտասարդ մարդ, որովհետեւ երիտասարդ լինելը տարիքի հետ կապուած չէ»:
Ըստ նախագահին՝ իբրեւ պետութիւն եւ ազգ խելացի ապրիլը բոլորին ուժերուն համադրումն է՝ երիտասարդներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք երիտասարդ կը զգան: Ան կարեւոր նկատեց տարբեր սերունդներու գործընկերութիւնը՝ շեշտելով, որ իւրաքանչիւրը կատարելիք ու տալիք ունի։
Նախագահ Սարգսեան նկատել տուաւ, որ բազմաթիւ առումներով Եւրոպական Միութիւնը կրնայ օգտուիլ Հայաստանի պէս պետութիւններու հետ աշխատելով:
«Մեր ազգը հաւատում է ապագային, կարողանում է փոփոխութիւնների հասել, փոփոխութիւններ, որոնք կը զարմացնեն ուրիշներին: Մեր ազգը լի է յոյսով եւ խանդավառութեամբ, հաւատով դէպի ապագայ, ուստի, կարծում եմ, որ մեզ հետ գործընկերութիւնը կ’օգնի նաեւ Եւրոպային, որպէսզի նա մնայ երիտասարդ, սովորի մեզնից, մեր կենսափորձից: Ժամանակը կանգ չի առել, չկայ վերջին կանգառ: Մենք Եւրոպան դիտարկում ենք որպէս գործընկեր, ում հետ կարող ենք միասին սովորել, գաղափարներ յղանալ», աւելցուց նախագահը՝ նկատել տալով, որ պահանջները կը փոխուին նաեւ թուային աշխարհին մէջ, ուստի պէտք է միշտ քայլ պահել ու սորվիլ իրարմէ։