ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան 7 Հոկտեմբերին ընդունեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն մէջ զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման միջոցները, ինչպէս նաեւ այդ մարզի բարգաւաճման հեռանկարները:
Նախարար Կիտանեան Տ. Խաչատրեանին առաջարկեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան փորձառութիւնը տրամադրել Հայաստանին, որպէսզի Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը նպաստէ նաեւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման: Ան նաեւ ներկայացուց Լիբանանի զբօսաշրջութեան մէջ վիճակագրական տուեալներու պատկերը։
Նախարար Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետիս Կիտանեանին՝ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ հայ-լիբանանեան կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու հետեւողական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման նպաստելու պատրաստակամութեան համար:
Տիգրան Խաչատրեան Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարին ծանօթացուց Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն եւ նախանշուած ծրագիրներուն, խօսեցաւ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու աճող թիւին եւ աշխարհագրութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ոլորտին մէջ ակնկալուող զարգացումներուն մասին:
Խօսելով համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին՝ նախարարները քննարկեցին նաեւ Ծոցի երկիրներէն նոր զբօսաշրջային խումբերու թիրախաւորման նախագիծին մասին: Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեան առաջարկեց միասին մշակել նախագիծը եւ համագործակցութիւն հաստատել այդ ու այլ ուղղութիւններով: