ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան մասին ուսումնասիրութիւն կատարողներու պիտի տրամադրուին յատուկ դրամաշնորհներ՝ 2000էն 6000 տոլարի միջեւ։
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 20 Հոկտեմբեր եւ ընտրութիւնը պիտի կատարուի 31 Հոկտեմբերին։
Յաւելեալ մանրամասնութեանց եւ դիմումնագիրներու համար՝ այցելել https://armenian.usc.edu/from-a-democratic-breakthrough-to-challenges-of-consolidation-in-armenia կայքէջը։