ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կարճատեւ հանդիպում մը, միջազգային քննարկումներու «Վալտայ» ակումբի տարեկան 16րդ նիստի ծիրին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին երկու պետութիւններուն ղեկավարները ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին պահպանման կարեւորութիւնը եւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ նկատուող դրական զարգացումները: