ԱՐԵՆՈՒՇ
ՀՄԸՄի Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կարեւորագոյն աշխատանքներէն մէկն է ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքի ստեղծումը, որ նոր էջ մը բացաւ շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ:
Բաժանմունքը արդէն իսկ կը գործէ առաւել քան երկու տարիներէ ի վեր եւ այդ կարճ ժամանակամիջոցին կրցած է իր տիրական ներկայութիւնը հաստատել շրջանին մէջ: Անոր մէջ ընդգրկուած են յատուկ կարիքներ ունեցող հայ պատանի-երիտասարդներ, որոնց համար մարզական յատուկ ծրագիրներ կ՛իրագործուին, որպէսզի անոնք ոգեւորուին, սիրեն իրենց անձը, լաւատեսութեամբ մօտենան կեանքին եւ մանաւանդ իրենք զիրենք լիիրաւ անդամ զգան իրենց համայնքին:
Բաժանմունքին ստեղծումէն մեծապէս գոհ են նաեւ նման երեխաներու ծնողները, որոնք ամբողջական նուիրումով թիկունք կը կանգնին անոր ծրագիրներու յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան: Քանի մը հոգիով սկիզբ առած այս բաժանմունքը, այսօր աւելի քան յիսուն անդամներ ունի եւ կարեւորը՝ ունի նաեւ իր արհեստավարժ մարզիչը՝ յանձինս Տէյվիտ Պիրտի:
Բաժանմունքին համար ստեղծուած յանձնախումբը եւ երեխաներու դաստիարակութեամբ զբաղող մարզիչները լաւապէս պատրաստելու ու ՀՄԸՄի առաքելութիւնը անոնց ծանօթացնելու հեռանկարով՝ կազմակերպած էր միօրեայ եզակի սեմինար մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Սեպետեմբերին, առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 3, ՀՄԸՄի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ:
Ժամը 10էն 11 հրամցուած համադամ նախաճաշէն եւ աւելի քան քառասունհինգ կամաւոր մարզիչներու արձանագրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով մասնակցողները ողջունեց Նանօր Գապագեան: Ան լայն բացատրութիւններ տուաւ ՀՄԸՄի 100 ամեակին առիթով կազմուած ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքի ստեղծման տուն տուող դրդապատճառներուն եւ հետապնդած նպատականերուն մասին, որոնք իրենց ողջամտութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են շրջանին մէջ եւ կը խրախուսեն յատուկ կարիքներ ունեցող հայ պատանիները:
Սեմինարի առաջին բաժինով, մասնակցող մարզիչներուն ՀՄԸՄի հիմնադրութեան, առաքելութեան, պատմականին եւ յատկապէս հետապնդած նպատակներուն մասին շինիչ եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցեց վաստակաշատ ՀՄԸՄական Փիեռ Մանուկեան:
Ապա, բաժանմունքի մարզիչ Տէյվիտ Պիրտ կարեւոր տեղեկութիւններ տուաւ եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը զօրակցելու, քաջալերելու եւ բաւարարելու յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաները, մարզական կեանքին ընդմէջէն: Ան յատկապէս կեդրոնացաւ ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքի առաքելութեան եւ բնութագրեց անոր անդամակցողներուն օգտակար հանդիսանալու միջոցները, որոնք այս տարի գլխաւորաբար կեդրոնացած են թեթեւ աթլեթի, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մարզաճիւղերուն վրայ:
Այնուհետեւ, ան սեմինարին մասնակցող կամաւոր մարզիչներուն հետ գործնական աշխատանքներ կատարեց բաժանմունքին համար որդեգրուած ծրագիրներու իրականացման միջոցներուն եւ ձեւերուն մասին: Այս աշխատանքներուն մասնակցելու համար, իրենց ծնողներուն հետ սրահ ներկայացած էին ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքի անդամներէն խմբակ մը:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն ուրախութեամբ կը տեղեկացնեն, թէ մարզիչ Տէյվիտ Պիրտի միջամտութեամբ, ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքէն երկու անդամներ, մարզական յատուկ փորձեր կը կատարեն Կլենտէյլի «Հուվըր» երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին վրայ, ինչ որ իւրայատուկ երեւոյթ է:
Իր տեսակին մէջ երկրորդը հանդիսացող այս սեմինարը վերջ գտաւ կ.ե. ժամը 3ին:
Մեծապէս ոգեւորուած մասնակցողները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, միաւորին օգտակար հանդիսանալու հաստատակամութեամբ:
Ամառնային արձակուրդներէն ետք, ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքին փորձերը սկսան 29 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի »Pacific Sport Complex«ի մարզադաշտերուն վրայ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան գրասենեակի (323) 344-4300 թիւին կամ դիմել՝ Nanor.Kabakian@Homenetmen.org հասցէին: