ԵՐԵՒԱՆ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ, «Փանորամա», «Ապառաժ».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալոն, որ երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Արցախի Հանրապետութիւն, տեսակցութիւններ ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց The Halo Trust միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան Արցախի գրասենեակը:
Արցախի մէջ, քոնկրեսականին կ՛ուղեկցէին անոր օգնական Ճէյմզ Ճանսըն, Հայաստանի խորհրդարանի պագամաւորներ Մարիա Կարապետեան եւ Ծովինար Վարդանեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերը, Արցախեան տագնապի լուծումը, նաեւ՝ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց քոնկրեսական Փալոնի գործունէութիւնը՝ Հայկական Հարցի եւ արցախեան հիմնահարցի արդարացի լուսաբանման ու սատարման վերաբերող, եւ նշեց, որ Արցախի մէջ անոր նկատմամբ մեծ ու անկեղծ յարգանք կը տածեն:
Աւելի ուշ, Ֆրենք Փալոն հանդիպում ունեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ, որ մեծապէս արժեւորեց Փալոնի հետեւողական ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Արցախի շահերու յառաջմղումին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման ի խնդիր:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարբեր մակարդակներու վրայ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն ու զանոնք զարգացնելու հեռանկարներուն: Մասիս Մայիլեան ընդգծեց, որ Արցախի միջազգային համագործակցութեան բնագաւառին մէջ ամերիկեան ուղղութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ՝ նկատի առնելով հայկական Սփիւռքի ներուժը եւ Միացեալ Նահանգներու հետ հաստատուած բարեկամական կապերը:
Կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին շարունակական ջանքերը՝ ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու քոյր քաղաքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու այն նահանգներուն հետ, որոնց օրէնսդիր մարմինները ընդունած են հանրապետութեան անկախութեան սատարող բանաձեւեր:
Ֆրենք Փալոնի խնդրանքով Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի տագնապի լուծման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ շփման գիծին մէջ ատրպէյճանական կողմին վերջին սադրանքներուն: Զրուցակիցները հաստատեցին, որ նշուած միջադէպերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան զինադադարի դրութեան վերահսկման միջազգային մեքանիզմի օգտագործման հրատապութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալոն այցելեց նաեւ The Halo Trust միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան Արցախի գրասենեակը, որ Արցախի տարածքին ականազերծման աշխատանքներ կը կատարէ:
Գրասենեակի աշխատակիցները հիւրերուն ներկայացուցին Արցախին մէջ իրենց կատարած աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները եւ պատասխանեցին քոնկրեսականը յուզող հարցումներու: Կազմակերպութեան անդամները կարեւոր նկատեցին յատկապէս դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն հետ տարուող կրթական ծրագիրները, որոնք նպատակ ունին նոր սերունդը տեղեկացնել ականներու մասին եւ կանխել անծանօթ ու վտանգաւոր առարկաներուն դպչելու երեխաներու սովորութիւնը:
The Halo Trust-ի աշխատակիցները նշեցին, որ ականներու կապուած դէպքերու թիւով Արցախի ցուցանիշները աշխարհի մէջ բարձրագոյններէն են: The Halo Trust-ը 2000-2018ին Արցախի տարածքին ընդհանուր առմամբ մաքրած է 47,219,901 քառ. մեթր տարածք, վնասազերծած է 9044 հակահետեւակային, 2606 հակահրասայլային ականներ, 183,553՝ փոքր չափի զինատեսակներ:
«Ապառաժ»ի հարցումին ի պատասխան՝ Ֆ. Փալոն անդրադարձաւ Ամերիկայի վարչակազմի այն որոշումին, որուն միջոցաւ կը նախատեսուի կրճատել Արցախի մէջ The Halo Trust կազմակերպութեան ականազերծման աշխատանքներու ֆինանսաւորումը:
Ան ըսաւ. «Արցախ կատարած այս այցելութեան ընթացքին անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ տակաւին բաւական աշխատանքներ կան կատարելիք, եւ, վերադառնալով Ամերիկա, պիտի փորձենք տեղեկացնել եւ բացատրել մեր գործընկերներուն այս ծրագիրի կարեւորութեան մասին: Միացեալ Նահանգները ընելիք ունի Արցախի ականազերծման ծրագիրին մէջ»։
Փալոն նաեւ նշեց, որ Արցախ կատարած այցելութեան նպատակն էր աշխուժացնել Միացեալ Նահանգներ-Արցախ կապերը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ ներգրաւուած ըլլայ Արցախի առօրեային եւ Արցախի կեանքին մէջ:
2 Հոկտեմբերին, Փալոն նաեւ այցելեց Հանրապետական բժշկական կեդրոնը, ուր ծանօթացաւ այս օրերուն Կլենտէյլի «Adventist Health» առողջապահական կազմակերպութեան կողմէ Ստեփանակերտի մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:
Փալոնի եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան Արցախ այցելութեան ծրագիրը աւարտեցաւ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը կատարուած այցելութեամբ: