ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի դատախազութեան անձնակազմի նիստին քննարկուած եւ համաձայնեցուած սկզբունքներէն, նպատակներէն եւ խնդիրներէն մեկնելով, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան ստորագրեց համապատասխան հրամաններ՝ Հայաստանի դատախազութեան մասնագիտական ստորաբաժանումներու նոր կառուցուածքի, անոր համապատասխանեցուած դատախազութեան նոր կանոնադրութեամբ, հաստիքացուցակի, ինչպէս նաեւ դատախազութեան ստորաբաժանումներու եւ դատախազներու գործառոյթներու հաստատման վերաբերեալ:
Ասկէ մեկնելով, գլխաւոր դատախազութեան մասնագիտական ստորաբաժանումներու նոր կառուցուածքին մէջ նախկին 9ի փոխարէն կազմուած են 12 վարչութիւններ։
Այսպիսով, ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը պիտի գործէ հետեւեալ մասնագիտական վարչութիւններով՝ փտածութեան, մարդու, տնտեսական գործունէութեան, սեփականութեան, հասարակական անվտանգութեան, բնակչութեան առողջութեան դէմ յանցագործութիւններու վարչութիւններ, յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ մինչդատական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութիւն, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ մինչդատական վարոյթի օրինականութեան նկ-ատմամբ հսկողութեան վարչութիւն, պատիժներու եւ հարկադրանքի այլ միջոցներու կիրառման օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութիւն, պետական շահերու պաշտպանութեան, կազմակերպական-վերահսկողական եւ իրաւական ապահովման եւ միջազգային-իրաւական համագործակցութեան վարչութիւններ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան նաեւ ստորագրեց հրամաններ՝ գլխաւոր դատախազութեան նոր ստեղծուած մասնագիտական կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներու պաշտօններուն վրայ նշանակումներ կատարելու վերաբերեալ:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.
«Ըստ այդմ՝
1. արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդական Արսէն Սիմոնեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան տնտեսական գործունէութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
2. արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդական Արթուր Չախոյեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան կոռուպցիոն յանցագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
3. արդարադատութեան առաջին դասի խորհդրական Արտակ Յարութիւնեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
4. արդարադատութեան առաջին դասի խորհրդական Արմէն Աֆանդեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան սեփականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
5. արդարադատութեան առաջին դասի խորհրդական Կարէն Բիշարեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
6. արդարադատութեան առաջին դասի խորհրդական Րաֆֆի Ասլանեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան բնակչութեան առողջութեան դէմ ուղղուած հացնագործութիւնների գործերով վարչութեան պետի պաշտօնում,
7. արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդական Արսէն Մարտիրոսեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւնում մինչդատական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան պետի պաշտօնում,
8. արդարադատութեան երկրորդ դասի խորհրդական Արմէն Փանոսեանը փոխադրուել եւ նշանակուել է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնում մինչդատական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան պետի պաշտօնում»: