ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Սեպտեմբերին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց Աւստրալիոյ խորհրդարանականներ Ջոն Ալեքսանտրը եւ Հիւ Մաք-Տերմոթը, որոնք Արցախ կը գտնուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Աւստրալիոյ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի ընկերակցութեամբ:
Ազգային ժողովի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց հիւրերուն՝ Աւստրալիոյ եւ Արցախի կապերու կառուցայնացման ուղղուած գործունէութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ հետեւողական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար: Աշոտ Ղուլեան՝ խօսելով Աւստրալիոյ եւ Արցախի համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին, անդրադարձաւ 24 Սեպտեմբերին »Արցախ-Աւստրալիա« բարեկամութեան շրջանակի ստեղծման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Ալեքսանտր խօսեցաւ հայ-աւստրալական վաղեմի բարեկամութեան մասին՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Խորհրդարանականը կարեւոր նկատեց աւստրալահայերուն դերակատարութիւնը՝ զայն համարելով մարդկային կամուրջ երկու երկիրներուն միջեւ:
Հիւ Մաք-Տերմոթ եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Արցախին՝ դիտել տալով. »Ժողովրդավարական այս երկիրը պէտք է ապրի, եւ աշխարհը պէտք է ճանչնայ զայն«։
Հանդիպման աւարտին Ազգային ժողովի նախագահը հիւրերուն յանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով Ճոն Ալեքսանտրին շնորհուած «Վաչագան Բարեպաշտ» եւ Հիւ Մաք-Տերմոթին շնորհուած «Երախտագիտութիւն» պետական պարգեւները:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:
Աւստրալիոյ խորհրդարանականները այնուհետեւ հանդիպում ունեցան «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ շրջանակի նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս տարիներուն խորհրդարանականներու կատարած աշխատանքին համար եւ յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ կը քալեն միասին՝ կիսելով համատեղ յաջողութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատեցին համագործակցութեան ուղղութիւններու ամրագրումը եւ պարբերական կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: