ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 25 Սեպտեմբերին՝ ժամը 10:15ի շուրջ, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ Ակնայի հատուածին մէջ վար առնուած է հետախուզական թռիչք կատարող Ատրպէյճանի զինուած ոյժերուն պատկանող «ORBITER-2» տիպի անօդաչու սարք մը:
Այդ մասին կը յայտնէ Արցախի բանակի մամլոյ ծառայութիւնը: