ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսիա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Մի-ացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի մասնակցութեամբ, 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն »Արմէնփրէս«ին յայտնած են, թէ զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ արժեւորեցին ներկայ իրավիճակը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար բարձր գնահատեց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գործունէութիւնը։
Քննարկման ընթացքին հայկական կողմը կարեւոր նկատեց զինադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրութիւնը՝ ներառեալ համապատասխան մեքանիզմներու ներդրման եւ ամրապնդման միջոցով։ Ընդգծուեցաւ նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անհրաժշետութիւնը, նաեւ՝ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման միջոցով։
Ատրպէյճանի մէջ կալանքի տակ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն գծով հայկական կողմը շեշտեց անոնց հայրենիք վերադարձի ապահովման անհրաժեշտութիւնը։
Խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման տեսանկիւնէն նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատեց լուծման ծիրին մէջ կողմերու ստանձնելիք յանձնառութիւններու համաչափութեան ապահովումը՝ վերահաստատելով հոլովոյթին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները։
Կողմերը նախանշեցին այս ուղղութեամբ հետագայ քայլերը, ներառեալ՝ համանախագահներու այցելութիւնը տարածաշրջան եւ յառաջիկայ օրերուն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հերթական հանդիպման կայացումը։
Յայտնենք, որ Մնացականեան առանձին հանդիպումը մը ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձան Յունիս 20ի ուաշինկթընեան հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի ներկայ վիճակին եւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարելիութիւններուն։