
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը իր աշխատանքներու մեկնարկը կատարեց 16 Օգոստոս 2019ին, երբ նաեւ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարագիր մը, մեկնարկին ներկայ 20 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Խորհուրդը իր անդրանիկ նիստը կատարեց 14 Սեպտեմբեր, 2019ին, երբ իր աշխատանքներուն եկան միանալու նաեւ հետեւեալ երեք հեղինակաւոր կազմակերպութիւնները.
- Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
- Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութիւն
- SEIU արհմիութեան հայկական բաժին
Ժողովը քննարկեց շարք մը օրակարգային ու կազմակերպչական հարցեր ու համապատասխան լուծումներ առաջադրեց անոնց համար:
Խորհուրդը նաեւ հիւրընկալեց Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը, որ իր ողջոյնի խօսքին առընթեր նաեւ զեկուցեց վարչապետ Փաշինեանի այցին առնչուող մանրամասնութիւններ:
Խորհուրդը որոշեց իր յաջորդական ժողովները գումարել ամսական դրութեամբ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը 23 կառոյցներու միացեալ խորհուրդն է, որ կը ծառայէ անդամ կազմակերպութիւններու միջեւ փոխհասկացողութիւն, գործակցութիւն եւ համախոհութիւն զարգացնելու՝ յանուն հայրենիքի, ազգի եւ համայնքին շահերուն: