
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».¬ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան ներկայացուց իր հրաժարականը եւ յայտարարեց, որ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մէջ եւ յառաջիկայի ընդհանուր պարունակին մէջ այս քայլը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ծառայելու նախընտրելի եւ ամէնէն հիմնաւորուած տար-բերակն է:
«Այս որոշումը ես կայացրել եմ նոյնքան վստահ, որքան այն մէկը, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլում համաձայնուեցի ստանձնել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուայ իմ գործունէութիւնը միշտ բոլորիդ աչքի առջեւ է եղել, եւ ամէն քայլ արել եմ մէկ սկզբունքով՝ հայրենիքն ու սպայի պատիւը վեր են ամէն ինչից:
«Պետականաշինութիւնն իր տրամաբանութիւնն ունի՝ որոշումների տարերայնութիւնը, գործողութիւնների յախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականից, իսկ անցողիկը մնայունից չտարբերելու գործելաոճն այն ճանապարհը չէ, որը տանում է դէպի նպատակների իրականացում: Այն ընդհանուր ոչինչ չունի սպայի արժանապատուութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումների նման ընթացքն անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականը թող լինի »Կանգ ա՛ռ«ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներում կը յաղթանակի հայրենիքի հանդէպ պարտքը: Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին», յայտնեց ան։
Այս մասին խօսելով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ ինք ստորագրած է Վանեցեանը աշխատանքէն զերծ կացուցելու միջնորդագիր, որուն վերաբերող հրամանագիր մը ստորագրեց նախագահ Արմէն Սարգսեանը։
Ն. Փաշիեան յայտնեց, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է քանի մը քննարկումներու ընթացքին ԱԱԾի տնօրէնին հետ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ: «Մենք քննարկել ենք պարոն Վանեցեանի հետագայ գործունէութեան մի քանի սցենարներ (տարբերակներ-Խմբ.), եւ այդ սցենարները կը քննարկուեն յընթացս: Այս պահին, կարծում եմ, պարոն Վանեցեանը կը կենտրոնանայ Հայաստանի ֆուտբոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ դուրս բերելու շատ կարեւոր, ազգային եւ պետական խնդրի լուծման վրայ», դիտել տուաւ վարչապետը:
Նիկոլը կըսէ որ ես Վանեցեանին գործէն հանեցի, Վանեցեանը կըսէ որ ինքը հրաժարական գրեր է: Որուն հաւատանք. Թրամփը եւ Պոլթոնն ալ ասանկ բաներ ըսին քանի մը շաբաթ առաջ: Ասկէ զատ, կերեւի որ Վանեցեանը սկսած է աւելի խելացի մտածել, քան թէ վարչապետը եւ իր խելացի քայլականները: մարդը տեսաւ, որ Նիկոլենք Հայաստանին նաւը պիտի ընկղմեցընեն, քաշուեցաւ: Տեսնենք անոր զանգակը մէկը պիտի լսէ՞. եթէ ուրիշներ ալ վաղը դուրս ցատկեն աս նաւէն, զարմանալու չէ: Նիկոլին քայլը Սերժին հեռացնելէ անդին չիգնաց. մէկը պէտք է գործ չունենայ, որ նստի եւ 4 ու կէս ժամ մամլոյ ասուլիս տայ: Աս մարդը ուրիշ գործ չունի՞ , կը կարծէ որ խօսելով, խօսելով ժողովուրդին պիտի համոզէ: Մեղք կըլլայ կոր որ լաւ սկսած գործը ասանկ ցեխին մէջը կը մտցնէ իր ձեռքովը
Եթէ Հայաստանի վարչապետի քաղաքական վերլուծութեան կարողութիւնը «Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի եզրափակիչ բերել»-ը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գործունէութեան չափ «կարեւոր, ազգային եւ պետական» խնդիր տեսնել է, այն ատեն մեր երկիրը անփառունակ ղեկավարի մը իշխանութեան «տակ» է:
Իսկ եթէ վարչապետը Ա. Վանեցեանին ծաղրելու համար կ’ըսէ այդ խօսքերը, այն ատեն կրկնակի անփառունակի մը քմահաճ ընթացքին ենթակայ են մեր երկրին մասնագէտները:
Երկու պարագային ալ հանդուրժելի չէ կացութիւնը:
Անծանօթ բարեկամ. աս իրականութեան վրան ով պիտի բանայ Նիկոլին միւզիքով քնացող ժողովուրդին աչքը եւ արթնցնէ անոր: անհանդուրժելի է ըսելով տեղ մը չենքհասնիր: Համաձա՞յն ես: Նիկոլին սխալը տեսնել չի նշանակեր որ նախկիններուն կողմը կըլլաս, հապա ժողովուրդին պէտք է ըսես որ Նիկոլը հիմա նախկիններէն տարբեր բան մը չի ըներ, ուրիշ տեսակ սխալներ ընել ըսել չէ որ ժողովուրդին եւ երկրին լաւութիւն կընես: Դեռ մոռնանք որ Նիկոլին միւզիքը գրած են դուրսէն