
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր վշտով ցաւակցութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի մօր մահուան տխուր առիթով:
Կաթողիկոսութիւնը Սեպտեմբեր 14-ին գուժեց Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահը, որ պատահած էր նոյն օրը:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին.-
Բարձրաշնորհ Սրբազան հայր, խոր ցաւով իմացանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսի սիրեցեալ մօր մահուան տխուր լուրը: Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր կազմի եւ շրջանի բոլոր ընկերներուն անունով սրտագին ու անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնէ Վեհափառ Հօր, ցանկանալով մխիթարութիւն եւ համբերութիւն այս դժուար օրերուն:
Թող որ Տիրամօր հոգին ննջէ Յաւիտենական Խաղաղութեան մէջ: