
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շրջակայ միջավայրի մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբը ուսումնասիրեց Ամուլսարի հանքավայրին վերաբերող բոլոր տուեալները եւ հանգամանքները, որոնց լոյսին տակ հրապարակեց ընդարձակ եւ մանրամասն զեկուցում մը, որուն մէջ նախ ներկայացուած է հարցը, անդրադարձ կատարուած է առկայ տարակարծութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն, իսկ աւարտին ներկայացուած են առաջարկներ։
Յանձնախումբը եզրակացուցած է, որ կարելի չէ Ամուլսարի հանքը շահագործել, երբ կան անկառավարելի վտանգներ։
Վերոնշեալ զեկուցումը ամբողջութեամբ լոյս պիտի տեսնէ Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբերի մեր թիւին մէջ։
Զեկուցումը արդէն զետեղուած է «Ասպարէզ»ի համացանցի կայքին վրայ։