
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Տնօրինութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ թեմի բանտային առաքելութեան ներկայացուցիչներ տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցեն Քալիֆորնիոյ տարածքին հայ բանտարկեալներուն, ղեկավարութեամբ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։
Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան այցելութիւն մը տուաւ Համբիկ Սասունեանին, աղօթելու, քաջալերելու եւ հոգեպէս սպառազինելու համար զայն։ Իսկ նախորդ օրը, նման այցելութիւն մը տուած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան։
It is time to bring Hampig home. We must do everything to help him be released. Enough time already.