ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող ֆրանսացի խորհրդարանականներ 11 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ ունեցան հանդիպում, կատարեցին Արցախի եւ Ֆրանսայի բնակավայրերու միջեւ բարեկամութեան ցուցանակի բացում, նաեւ հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։
Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Ան ընդգծեց, որ Արցախը հետաքրքրուած է Ֆրանսայի հետ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացմամբ՝ զայն նկատելով Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը:

Ազգային ժողովի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ կայացած հանդիպումին մասնակցեցան «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներ, Արցախի պատգամաւորներ, նախարարներ եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին բացումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ բարձր գնահատեց Ֆրանսայի մէջ Արցախի բարեկամներուն կատարած աշխատանքը՝ Արցախի մասին տեղեկատուութիւն տարածելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն մասին բարձրաձայնելու ուղղութեամբ: Ան հաստատեց, որ Արցախի խորհրդարանի արտաքին կապերուն մէջ ամէնէն աշխոյժը Ֆրանսայի բարեկամութեան շրջանակին հետ է՝ շեշտելով, որ կան բոլոր նախադրեալները աւելի եւս զարգացնելու գործակցութիւնը։

Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, »Ֆրանսա-Արցախ« բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն անդրադարձաւ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ եղած նմանութեան՝ համամարդկային եւ ժողովրդավարական արժէքներ կիսելու։ Ան խօսեցաւ Արցախը արտերկրի մէջ ճանաչելի դարձնելու ձեւերուն մասին՝ նշելով, որ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ պիտի ընեն այդ նպատակին հասնելու համար:
«Աշխարհի մէջ այսօր կան տարբեր ուժեր եւ երկիրներ, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, որպէսզի Արցախը վերադառնայ Խորհրդային միութեան կողմէ որոշուած սահմաններուն: Այդ նեղլիկ հեռանկարը, իմ կարծիքով, անկարելի է, որովհետեւ բաւարար է այցելել Արցախ, որպէսզի համոզուիս, որ այս հողին վրայ ամէն ինչ կը վկայէ հայերու վաղեմի բնակութեան մասին:
«Կը կարծեմ, թէ Արցախի ամրագրուած սահմանները պէտք է միջազգայնօրէն ճանչցուին, որովհետեւ մենք չենք կրնար արտօնել, որ աշխարհին մէջ ըլլան ձգձգուող եւ մոռցուող հակամարտութիւններ: Ֆրանսացիներէն շատերու համար ասիկա իրաւունքի, արդարութեան եւ ազատութեան խնդիր է, եւ մենք մեր կարելիութեան ծիրին մէջ աշխատանք տարած ենք ու պիտի շարունակենք տանիլ այս առումով Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը մեր պատուիրակութեան անդամներու դիրքորոշման նոյնացնելու համար», հաստատեց ան։

Խօսք առաւ նաեւ ֆրանսացի երեսփոխան, »Ֆրանսա-Արցախ« բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր-անդամ Վալերի Պուայէն, որ հաստատեց, թէ ամէն տեղ պիտի տարածեն Արցախի մէջ իրենց աչքով տեսածը: «Մեծ պատիւ է ելոյթ ունենալ երկրագունդի այս բարդ տարածաշրջանի խորհրդարանին մէջ: Պատիւ է, որովհետեւ դուք պայքարի եւ դիմադրութեան օրինակ էք, ժողովրդավարութեան օրինակ էք: Առաւօտեան, երբ ծաղիկներ զետեղեցինք ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած կոթողին առջեւ, մտածեցինք, որ որքան ալ պատմութեան էջերը դաժան եղած ըլլան, դուք երբեք չէք թուլցուցած ձեր պայքարը, միշտ հաւատարիմ մնացած էք ձեր համոզումներուն եւ աւանդներուն։ Դուք մեզի ոյժ կու տաք, եւ վստահ եղէք, որ մենք վկաները պիտի ըլլանք այս հողին վրայ մեր տեսածին, եւ յոյսով եմ, որ Արցախի մէջ մեր ներկայութիւնը քայլ մը կ՛ըլլայ խնդիրի լուծման ճամբուն վրայ, լուծում, որ ազատութիւն կ՛ապահովէ Արցախի ժողովուրդին», ըսաւ Պուայէ։
Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Դանիէլ Ղազարեան եւս իր ելոյթին մէջ մատնանշեց Արցախի որդեգրած ժողովրդավարական ուղին, շնորհաւորեց արցախցիները այն ժողովրդավարական կենսունակութեան համար, որ առկայ է Արցախի մէջ՝ հաստատելով, թէ ատիկա լաւագոյն փաստն է կայուն ապագայի ստեղծման նպատակադրութեան:
Ֆրանսացի միւս խորհրդարանականներու խօսքերուն մէջ եւս հիմնականօրէն տեղ գտան Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ մարդասիրական համագործակցութեան վերաբերող առաջարկներ:
Նոյն օրը Ստեփանակերտ քաղաքի Ազատամարտիկներու պուրակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան ցուցանակին: Այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ Աշոտ Ղուլեան յոյս յայտնեց, որ ասիկա յաւելեալ գործակցութեան խթան կը հանդիսանայ՝ զայն խորհրդանիշ նկատելով Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ սերտ բարեկամութեան։
Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ տեղադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Հանրի Սապիի յիշատակին: Ապա ծաղիկներ զետեղուեցան Արցախի ազատագրման համար նահատակուած զինուորներու շիրմներուն վրայ:
Ֆրանսացի երեսփոխանները նաեւ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի նախագահին հետ, որ դիտել տուաւ, թէ նման հանդիպումներ կարելիութիւն կու տան թարմացնելու օրակարգերը եւ աշխատելու համագործակցութեան նոր ծրագիրներու ուղղութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին կողմէ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար:
Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Կի Թեսիէն, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն տեսակ ջանք ի գործ դնելու՝ Արցախը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ եւ նշեց այն հիմնական աշխատանքները, որոնք ճանաչումն ու Արցախի զարգացումը անշրջելի կը դարձնեն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան, համագործակցութեան հեռանկարներուն, մասնաւորապէս‘ գիւղատնտեսութեան, գիտութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի երեսփոխաններուն կատարած այցելութիւնը՝ Արցախի մէջ առկայ իրավիճակին ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման առումով։
Ան անդրադարձաւ Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացին եւ տեղի ունեցող ժողովրդավարական զարգացումներուն, յատկապէս վերջերս կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Նախարարը շեշտեց, որ անոնք Արցախի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու հիման վրայ հանրային կեանքի կազմակերպման գործընթացի հերթական դրսեւորումն են։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմակայելու կարելիութիւններուն։ Կողմերը լուսարձակի տակ առին Արցախի միջազգային կապերու զարգացման անհրաժեշտութեան եւ անոր բնակիչներուն հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու անխոչընդոտ օգտագործման կարելիութեան։
Մասիս Մայիլեան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ջանքերը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս պարունակին մէջ ան կարեւոր նկատեց Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի առանցքային դերը։