
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Մարտ 5, 1955ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, փեսային եւ հարազատին՝ Վահէ Թաշճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Անի Թաշճեան
Զաւակը՝ Փիեռ եւ Քրիսթինա Թաշճեան եւ զաւակները՝ Նիքըլըս եւ Նոահ
Դուստրը՝ Նաթալի Թաշճեան
Զաւակը՝ Սարգիս Թաշճեան
Եղբայրը՝ Նազար եւ Ուիլմա Թաշճեան եւ զաւակները՝ Քարօլին եւ Կրեկ
Քոյրը՝ Այտա եւ Յարութ Սարգիսեան եւ զաւակները՝ Սերճ եւ Անտրէ
Զոքանչը՝ Կիւլխաթիր Դանիէլեան
Քենին՝ Սիլվա Թանիէլեան
Աներորդին՝ Հայկ Դանիէլեան
Խնամին՝ Ռուբէն եւ Ռիմա Նալպանտեան
Եւ համայն Թաշճեան, Սարգիսեան, Մարկոսեան, Ռուշանեան, Պլութեան, Պոհճէլեան, Թէլֆէյեան, Փեմփեճեան, Մահսերեճեան, Ագրապեան, Քօքաճեան, Թոմասեան, Նալպանտեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղին (ARS Araz Chapter, 75 E. Santa Anita Ave., Burbank, CA 91502)։