ՀՌՈՄ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան 2 Սեպտեմբերին մէկ տարեշրջանի համար անգլիական »Արսենալ«ի կողմէ փոխ տրուեցաւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ին, հաղորդեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:
Մխիթարեան իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 77 մարզաշապիկը:
Ըստ «90min» կայքին՝ իտալական ակումբը Մխիթարեանին պիտի վճարէ շաբաթական մօտաւորապէս 215,000 տոլարի վարձատրութիւն եւ կրնայ զայն մնայուն կերպով կազմին միացնել։
Մխիթարեան յայտնեց, որ ուրախ է այս փոխանցումով, որ հաւանաբար աւելի երկար ժամանակ խաղալու առիթ պիտի ընծայէ իրեն։