
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 2ի դէմ 3 քուէներով մերժեց «Մէյփըլ» զբօսավայրին մէջ գտնուած խաղավայրին գործիքները Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի դպրոցներէն մէկուն ղրկելու առաջարկը, նախընտրելով զանոնք ոչնչացնել։
Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ քաղաքի բնակիչներէն՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանի դիմումով «Թիւֆենքեան» հիմնարկը խաղավայրին գործիքները Արցախ ուղարկելու գաղափարին ի նպաստ նամակ մը յղած էր, քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեան եւ Վրէժ Աղաճանեան դէմ քուարկեցին այդ գաղափարին, մինչ Փօլա Տիվայն եւ Ֆրենք Քուինթերօ անոր ի նպաստ քուէարկեցին։
Գործիքները չղրկելու գաղափարին համակիրները այն համոզումը ունին, որ որոշ չափով մաշած գործիքները ղրկելու փոխարէն, պէտք է դրամահաւաք կատարելով՝ նոր գործիքներ ղրկել Արցախ։ Անոնք նաեւ գործիքներուն ապահովութեան նկատմամաբ մտահոգութիւն յայտնեցին։
Սակայն, Տիվայն պնդեց, որ իր անձնակազմը հասած է այն եզրակացութեան, որ խնդրոյ առարկայ գործիքները կարելի է առնուազն հինգ տարի եւս ապահով կերպով գործածել։
Տիվայն ցաւ յայտնեց որոշումին համար՝ յիշեցնով, որ «Թիւֆենքեան»ի նման հեղինակաւոր հիմնարկ մը անոր փոխադրութեան ի նպաստ արտայայտուած էր։
Իր կարգին, Կարապետեան քննադատեց այս հարցին քաղաքականացումը՝ աւելցնելով, որ իր այս առաջարկով, Տիվայն կը փորձէ սիրաշահիլ հայութեան քուէները (ակնարկելով Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութեանց), յիշեցնելով, որ Տիվայն նեցուկ չէր կանգնած Մերիլենտ թաղին մէկ մասը Արցախ կոչելու առաջարկին եւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին։
Քաղաքապետ Նաճարեան եւս շեշտեց, թէ պէտք է խաղավայրի նոր գործիքներ ղրկել Արցախ, վստահութիւն յայտնելով, որ «30էն 60 օրերու ընթացքին» բաւարար գումար կարելի է գոյացնել, որ տրամադրուի նման գործիքներ Հայաստանի մէջ արտադրելու նպատակին։ «Քաղաքապետական խորհուրդի երեք հայերը լաւագոյն գործիքները կ՛ուզեն երեխաներուն համար», ըսաւ ան՝ նշելով, որ Տիվայն կը փորձէ շատ հայասէր ըլլալ ընտրութիւններու նախօրեակին։
Երբեմն այն տպաւորութիւնկը կը ստեղծուի, որ Հայաստանն ու Արցախը այնքա՛ն աղքատ, ոչ-բարւոք, նոյնիսկ յետամնաց երկիրներ են, որ կրնան կարիքը ունենալ հին հագուստի, հին համակարգիչի, բժշկական օգտագործուած սարքերու, խաղավայրի մաշած սարքերու եւայլն։ Առանց ստորագնահատելու մարդասիրական եւ հայրենասիրական զգացումները, որ մարդոց կը մղեն նախաձեռնել եւ դէպի Հայաստան ու Արցախ առաւելագոյն քանակութեամբ ամէն ինչ ուղարկելու, սակայն պիտի անդրադառնալ, որ Հայաստանը արդէն դուրս է ճգնաժամային այն կարգավիճակէն, որ կը յատկանշէր երկրաշարժի ու պատերազմի ժամանակաշրջանն ու անոնց անմիջապէս յաջորդած տարիները։ Հայաստանն ու Արցախը հաստատ տակաւին կարիքը ունին օժանդակութեան։ Ո՛չ Հայաստանի եւ Արցախի պետական մարմինները, ոչ ալ երկու «երկիր»ներու հասարակական կառոյցները ի վիճակի չեն տակաւին (ու մօտիկ ապագային ի վիճակի պիտի չըլլան) ինքնուրոյն լուծելու հայրենի տարածքներու եւ բնակչութեան բոլոր ընկերային, տնտեսական, կրթական, առողջապահական եւ բազում այլ խնդիրները։ Բախտաւոր ենք նաեւ որ հայկական սփիւռքը կը գործէ որպէս հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը։ Սակայն արդէն ժամանակն է, նոյնիսկ ուշացած ենք անդրադառնալու, որ Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութիւնը պիտի բարձրացնել այլ մակարդակի եւ դուրս գալ գուցէ եւ քիչ օգտագործածը հայրենի մեր ժողովուրդին ուղարկելու եւ ընդունելու մտայնութենէն։ Բոլորս – Հայաստան, Արցախ թէ սփիւռք – արժանի ենք աւելիին։