
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Խորագիրը վերցուած է «Առաւօտ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի »Եթէ չկայ սկզբունք« վերնագիրով 21 Օգոստոսին հրապարակուած առաջնորդող յօդուածէն, որ կ՛անդրադառնայ Ամուլսարի այնքան չարչրկուած հարցով պարզուած հայ քաղաքական միտքի ամէնէն կնճռոտ վէրքերէն մէկուն:
Հանրածանօթ հրապարակագիրը սրտցաւութեամբ կը խորհրդածէ, որ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ աննախանձելի վիճակի կը մատնուին կուսակցական պատկանելիութիւն ունեցող քաղաքական գործիչներն ու մամլոյ դրօշակիրները՝ ամէն անգամ, որ օրուան հրատապ զարգացումներուն վերաբերեալ սեփական մեկնաբանութիւնն ու կարծիք-տեսակէտը հրապարակաւ արտայայտելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը կանգնին:
Կարծէք ոչ-կուսակցականները չունին նման խնդիր: Բայց անկասկած կարիքը կը զգացուի տարրական լուսաբանութեան:
Խնդրոյ առարկայ հրապարակումին անծանօթ ընթերցողին ընդհանուր գաղափար մը փոխանցելու համար, կ՛արժէ մէջբերել հատուած մը Ա. Աբրահամեանի խորհրդածութենէն, որ խորքին մէջ ընդհանրացած համոզում ալ է հայ հանրային կարծիքի լայն շրջանակներուն մէջ.
«Չնայած ես երբեք ոչ մի քաղաքական կառոյցի անդամ չեմ եղել, սակայն ենթադրում եմ, որ կուսակցական լինելը ցանկացած մտածող մարդու համար դաժան փորձութիւն է:
«Կուսակցականը խստօրէն սահմանափակուած է սեփական կարծիքն արտայայտելու հարցում՝ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չգիտի, թէ ո՞րն է կուսակցութեան գիծը: Իսկ այդ գիծը Հայաստանում ոչ այլ ինչ է, քան տուեալ կուսակցութեան «շէֆ»ի տեսակէտը: Ամուլսարի հարցում «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամների մի մասը վերապահումներով կողմ էր արտայայտւում, «ամենախելացիներ»ը սպասում էին, թէ ի՛նչ կ՛ասի Նիկոլ Փաշինեանը, մի մասն էլ կտրականապէս դէմ էր:
«Ամենադժուարը հիմա, ի հարկէ, վերջիններիս գործն է: Հիմա նրանք ունեն երեք տարբերակ. 1) Փորձել «խաբսեր տալ» (եթէ օգտագործենք ֆուտբոլային զուգահեռը)՝ «ես մի քիչ ա՛յլ բան նկատի ունէի, ես ուզում էի մօտաւորապէս այսպէ՛ս ասէի»: 2) Թիմային արդարացումներ «փնտռել»՝ ես մնում եմ իմ կարծիքին, բայց քանի որ քաղաքական թիմի անդամ եմ, այլեւս այս թեմայով չեմ խօսի»: Այդ արդարացումները ես բազմիցս լսել եմ նաեւ ՀՀՇականներից եւ ՀՀԿականներից՝ կարծես թէ ոեւէ մէկը ստիպում էր նրանց մնալ այդ թիմում»:
Ահա՛ կնճռոտ այն վէրքը, որ օրէ օր աւելի ու աւելի կը շեշտէ տարողութիւնը հայ քաղաքական մտքին սպառնացող ամլացումին:
Այո՛, Արցախը ատրպէյճանական լուծէն ազատագրելէ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերականգնելէ եւ ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը հայրենիքի տարածքին սահմանադրականօրէն հաստատագրելէ ետք, Հայաստանը եւ հայութիւնը մատնուած են համազգային մեր գալիքի պայծառ օրը գաղափարականօրէն պատկերացնելու եւ քաղաքական քայլերով հունաւորելու լուրջ դժուարութեան:
Հայ քաղաքական միտքը աստիճանաբար կը խրի ամլացման ճահիճին մէջ՝ նոյնինքն ազատ ու անկաշկանդ մտքի զարգացման եւ ամրագրման խափանումին ու արգելակումին հետեւանքներով, որոնք այնքան ալ պայմանաւորուած չեն կուսակցական պատկանելիութենէ բխող կաշկանդումներով, հակառակ »Առաւօտ«ի գլխաւոր խմբագրին ընդհանրապէս տեղին ախտաճանաչումներուն:
Ազատ մտածողութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը նահանջի մէջ են հայ կեանքին մէջ. շեշտակիօրէն՝ հայրենի կողմը հայաշխարհի, նաեւ ի Սփիւռս հայաշխարհի՝ ընդհանրապէ՛ս:
Այդ նահանջը մեծապէս զգալի է նախ մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան, այլեւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան՝ որոշապէ՛ս համացանցի անսահման ոլորտներուն մէջ: Կուսակցական ըլլան անոնք թէ անկուսակցական կամ հակակուսակցական՝ չորրորդ իշխանութեան այլազան բեմերուն դրօշակիրները բռնուած են նահանջի հոսանքէն, որ իր թափին մէջ՝ իր հետ կ՛առնէ ու կը քշէ-կը տանի մտքի եւ տեսակէտի, ըսելիքի ու պատգամի տէր հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու ամբողջ խաւը:
Իսկ ազատութեանց նահանջին գլխաւոր պատճառը, այսպէս կոչուած «շան գլուխը»՝ երջանկայիշատակ Հրայր Մարուխեանի նախասիրած բնութագրումը գործածելով, թաղուած է հայ իրականութեան մէջ իշխող մտքի ու խօսքի պատուիրատուներուն հաստատած եւ օրինականացուցած առանձնաշնորհեալ ու բացարձակ տիրապետութեան մէջ, ինչ որ բացարձակ չափերու յանգած է հայ հանրային կարծիքի ձեւաւորման բոլոր միջոցներուն վրայ:
Այսինքն պարզ հայերէնով՝ «շէֆ»երով եւ ոչ թէ ժողովուրդով կ՛առաջնորդուի մեր մտածելու եւ արտայայտուելու ամբողջ կեանքը, եւ ոչ միայն կուսակցական պատկանելիութիւն ունեցող հաղորդամիջոցներու ոլորտին մէջ: Այսինքն՝ «շէֆ»երու անձնական գիծով ու ցուցմունքով կ՛առաջնորդուին արտայայտութիւններն ու կեցուածքները հանրային պատասխանատուութեան կոչուած բոլոր գործիչներուն, անկախ թէ անոնք ի՛նչ պատկանելիութիւն ունին՝ կուսակցակա՞ն են, թէ՞ անկուսակցական կամ հակա-կուսակցական:
Յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր ժողովրդավարական իմաստով կուսակցութիւններ բնաւ չկազմուեցան կամ չկազմաւորուեցան, այլ ընդհակառակն՝ սոսկ անձերու եւ դէմքերու կերպարանքով »կուսակցութիւններ« միայն կեանքի կոչուեցան, ժամանակը եկած է, նոյնիսկ ժամանակը անցած ալ է, որպէսզի ախտաճանաչումները սպառիչ եւ դիպուկ ըլլան՝ վիրահատման ճիշդ նշդրակը ճի՛շդ տեղին գործածելու համար:
Հետեւաբար՝ ազատ արտայայտուելու պարագային «շէֆ»երու կողմէ «կարգի» հրաւիրուելու առումով «կուսակցականներու դաժան փորձութեան» վերաբերեալ «Առաւօտ»ի գլխաւոր խմբագիրին ախտաճանաչումը կամ սրտակցական աւաղումը առնուազն մասնակի է եւ թերի:
Վէրքը անհամեմատօրէն տարածուած եւ հայ քաղաքացիական հասարակութեան մինչեւ յետին բջիջները վարակած քաղցկեղ է…
Հայ մամուլի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու նախախորհրդային, սփիւռքեան եւ յետ-խորհրդային շրջաններու կենսափորձին քիչ թէ շատ ծանօթ եղողը դժուարութիւն պէտք չէ ունենայ համաձայնելու եւ հաստատելու, որ հրապարակային ազատ, բուռն եւ երբեմն անհաշտ բանավէճը՝ մինչեւ անգամ միեւնոյն կուսակցութեան կամ հոսանքին հաւատարմագրուած քաղաքական գործիչներուն եւ հրապարակագիրներուն միջեւ, ազգային նկարագիր կերտած են եւ համապատասխան հարուստ աւանդ մը ժառանգ կտակած են բոլորիս:
Այո՛, նոյնիսկ խորհրդային դարաշրջանին մենք ունեցած ենք Խանջեաններ եւ Չարենցներ, որոնք իրենց կուսակցական պատկանելիութեան եւ, իբրեւ այդպիսին, իրենց ազատ մտածելու եւ ազատօրէն արտայայտուելու նոյնինքն կուսակցական իրենց կոչումին տէր կանգնած են ամէն գնով՝ ի հարկին իրենց կեանքով գին վճարելով…
Աւելի՛ն, հարկ կա՞յ յիշեցնելու եւ գոնէ նորահասներուն սորվեցնելու կենսափորձն ու աւանդը Դաշնակցութեան քաղաքական գործիչներուն եւ գաղափարի առաջնորդներուն՝ սկսելով Օսմանեան Սահմանադրութեան օրերուն Պոլսոյ »Ազատամարտ«ի ժառանգութիւնը նուաճած Սիմոն Զաւարեանէն եւ Ռուբէն Զարդարեանէն, անցնելով «Հայրենիք»ի Սերունդը առաջնորդած Ռուբէն Դարբինեանէն, Սիմոն Վրացեանէն եւ Վազգէն Շուշանեանէն, հասնելու համար Բաբգէն Փափազեանի, Հրայր Մարուխեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի վաստակով ղեկավար դէմքերուն, որոնք հայ քաղաքական միտքը խռովող ամէնէն ծանրակշիռ հարցերուն շուրջ անգամ չվարանեցան հրապարակաւ բանավէճ ծաւալելու, ի հարկին՝ իրարու միջեւ: Ոչ ալ թոյլատրեցին »յանուն դաշնակցական կարգապահութեան« հրապարակը պղտորել փորձող միջակութիւններու, որ կրկնեն »մեր աղտոտ լաթերը ուրիշներուն առջեւ չբռենք« իմաստակութեան սիրտխառնուք առաջացնող յանկերգը:
Ո՛չ, կուսակցական պատկանելիութեանց հետ կապ չունի «Առաւօտ»ի խմբագրապետին կատարած դիպուկ ախտորոշումը՝ «շէֆ»երով ղեկավարուող հայ կեանքի գաղափարական թշուառութեան, այլեւ հայ մտքի ու խօսքի ազատութեան դրօշակիրներուն պարտադրուած «պալատական երգիչներ»ու դաժան ու աննախանձելի վիճակին մասին:
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, հայրենի հայութեան հետ աշխարհացրիւ մեր ամբողջ ժողովուրդը, դիւրահաւատութեամբ ու բարեմտութեամբ եւ մասամբ նորին, քայլ առ քայլ աւազախրեցաւ հայոց պետական տունը կերտելու դրօշով հրապարակ նետուած նորանուն »հերոս«ներու տղմուտ ճահիճին մէջ:
2018ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ սթափումի եւ զգաստացման զանգերը բարձրագոռ ղօղանջեցին, որպէսզի ամէն կարգի «շէֆ»երէ ձերբազատենք պետական մեր տունը՝ հայ մտքի եւ խօսքի ազատութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելով, բազմակարծութիւնն ու արժանահաւատութիւնը ժողովրդավարական կեանքի անփոխարինելի արժեչափի վերածելով:
Մտքի եւ խօսքի ազատութիւնը գերագոյն երաշխիքն է ոչ միայն ժողովրդավարութեան լիարժէք ու լիիրաւ կայացումին, այլեւ ազգային արժէքներու համակարգին մշտահոլով վերանորոգումին:
Գերագոյն երաշխիքն է նաեւ ու մանաւանդ ազգային եւ ժողովրդավարական արժէքներու մեծագոյնին՝ հասարակական կազմակերպումի ամէնէն կատարելագործուած անօթը հանդիսացող պետականութեան, որուն հիմքը ժողովուրդի իշխանութիւնն է: Իսկ ժողովուրդի ձայնն ու իշխանութիւնը լսելի եւ ազդու կը դառնան միայն բազմակուսակցական քաղաքական համակարգով եւ բազմակարծութեան անկաշառ պահապան ազատ մամուլով՝ կուսակցական թէ անկուսակցական կամ հակակուսակցական իր ճիւղաւորումներով:
Ինչպէս որ Հայ Մամուլի Տարուան առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուած համահայկական խորհրդաժողովի բացման իր խօսքով Արամ Առաջին կը շեշտէր անցեալ Յուլիսի սկզբնաւորութեան՝ »Հայ մամուլը ժողովուրդի՛ն ձայնն է՝ անոր կամքը, կեցուածքը, ընդվզումը եւ սպասումը արտայայտող, ճակատագրական պահերուն ժողովուրդը արթնութեան մղող ու միասնականութեան առաջնորդող: Մամուլը ժողովրդավարական սկզբունքներու անվերապահ ջատագովն է ու զօրեղ պաշտպանը: Արդ, մամուլը կը շեղի իր ճշմարիտ առաքելութենէն, երբ ծառայէ անձի՝ ո՛չ արժէքի, կառոյցի՝ ո՛չ գաղափարախօսութեան, իշխանութեան՝ ո՛չ պետութեան, մամոնային՝ ո՛չ ճշմարտութեան, կողմի՝ ո՛չ ժողովուրդին: Հայ մամուլին վիճակուած համազգային պատասխանատուութիւնը զինք շարունակ պէտք է մղէ ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորման«:
«Եթէ չկայ սկզբունք» խորագրեալ իր առաջնորդող յօդուածով՝ «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը մատը կը դնէ հայ իրականութեան մէջ ազատ մտածողութեան եւ խօսքի ազատութեան պարզած նահանջի տխուր երեւոյթին վրայ՝ բայց որոշապէս նուազեցնելով համընդհանուր տարողութիւնը համազգային մեծ վէրքին եւ սոսկ կուսակցական պատկանելիութեան »դաժան փորձութիւն«ը լուսարձակի տակ առնելով:
Ամէն պարագայի, ցաւը անհամեմատօրէն աւելի ծանր է ու մեծ, հայ քաղաքացիական հասարակութեան ամբողջ մարմինը վարակած քաղցկեղին մասին է խօսքը եւ պահանջուածը կափարիչը լրիւ բանալու քաղաքացիական խիզախութիւնն է՝ վեր կանգնելով կուսակցական, անկուսակցական թէ հակա-կուսակցական ներքին թէ արտաքին կաշկանդումներէ: