
ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի 27 Օգոստոսի յայտարարութիւններուն հակադարձելով՝ պնդեց, թէ Երեւան նման յայտարարութիւններով գիտակցաբար կը փորձէ Արցախի շուրջ իրավիճակը աւելիով սրել:
«Հայաստան պէտք է որոշէ, թէ խաղաղութի՞ւն կ՛ուզէ, թէ լարուածութեան աճ: Այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը գիտակցաբար կը սրէ իրավիճակը», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Դժբախտաբար, ստիպուած ենք արձանագրելու, որ այսօր պաշտօնական Երեւանը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղը իրեն կցելու դիրքերէն: Սակայն, ինչ ալ ըլլայ պարագան, Ատրպէյճան երբեք պիտի չհաշտուի ներկայ իրավիճակին հետ, որ հիմնուած է բռնագրաւման վրայ: Մեր համբերութիւնը անսահման չէ», կ՛աւելցնէ նախարարութիւնը: