
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլեն, որի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 26էն 28 Օգոստոս պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Հայաստան, քննարկեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, անտառներու եւ ջրային պաշարներու կառավարման ու շարք մը այլ ասպարէզներու մէջ լուրջ համագործակցութիւն սկսելու կարելիութիւնները։
26 Օգոստոսին այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական գործընթացներուն արձագանգող առաջին երկիրներէն, որ եղաւ Շուէտ, որուն կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարեց իր համապատասխան փաստաթուղթին մէջ՝ կարելիութիւն ստեղծելով ընդլայնելու Հայաստանին ցուցաբերող տնտեսական աջակցութիւնը:
«Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններից առաջ կառավարութիւնը մի շարք միջազգային գործընկերների հետ բաւականին ծաւալուն ծրագիր իրականացրեց, որի նպատակն էր ա-ջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ընտրական համակարգին, եւ Շուէդիայի Թագաւորութիւնը այդ շատ կարեւոր ծրագրի մաս էր: Այժմ մշակման փուլում է, եւ կարծում եմ, որ Սեպտեմբերին կը ստորագրենք յուշագիր, որի նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել եւ ընդլայնել Ազգային ժողովի կարողութիւնները: Այս ծրագրում եւս Շուէդիայի Թագաւորութիւնը կարեւոր մասնակիցներից մէկն է», յայտնեց Միրզոյեան:
Անտրէաս Նորլեն հաստատեց, որ Շուէտ պատրաստ է տարբեր ուղղութիւններով շարունակելու սատարել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: »Շուէտը այս տարի կը նշէ մեր խորհրդարանին մէջ ժողովրդավարութեան 100ամեակը: Բաւական խորհրդանշական զուգադիպութիւն է այն, որ Հայաստան եւս այս տարի կը տօնէ 100ամեակը իր առաջին անկախ Հանրապետութեան, որուն հաստատումով նաեւ ապահովուեցաւ Հայաստանի մէջ ընդհանուր իրաւունքը ամբողջ ժողովուրդին համար: Այս կը նշանակէ, որ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն մենք իրարմէ ետ չենք մնար: Բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ այսօր կը պայքարէին յանուն ժողովրդավարութեան՝ Շուէտի եւ Հայաստանի մէջ, հիմքեր ստեղծած են այսօրուան նուաճումներուն համար, եւ մենք պարտական ենք շարունակել անոնց ջանքերը՝ խթանելու համար ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութիւնը մեր երկիրներուն մէջ«, շեշտեց Շուէտի խորհրդարանի նախագահը։