
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Օգոստոսին նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, ՀՅԴի անդամ Բեկոր Աշոտի (Աշոտ Ղուլեան, Ասկոլկա)ի մահուան 27ամեակը, Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած անոր յուշարձանին մօտ։
Իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Բեկորի մարտական եւ կուսակցական ընկերները, ընտանիքի անդամները, անոր անունը կրող դպրոցի ուսուցիչները, աշակերտներ եւ մարզիկներ:

Այս առիթով բացումը կատարուեցաւ Բեկոր Աշոտի յիշատակին Արցախի բռնցքամարտի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յուշամրցաշարքին, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ Արցախէն առաւել քան 150 մարզիկներ:
Բեկորի այրին՝ Նելլի Ղուլեան նշեց, որ այդ տխուր յիշատակի օրը իրենց համար մեծ սփոփանք է, որ իրենք մինակ չեն: Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի ուսուցչուհի Կարինէ Դադայեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց մատաղ սերունդը Բեկորի ու անոր մարտընկերներուն օրինակով դաստիարակելը:
Աֆղանիստանի պատերազմի վեթերաններու միութեան նախագահ, ազատամարտիկ Վահրամ Ղահրամանեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Աշոտ Ղուլեան կը մարմնաւորէ մեր անցած ամբողջ մարտական ուղին, կ՛ամբողջացնէ յաղթանակի ճամբան։ Ըստ անոր՝ Աշոտ Ղուլեան բոլորին մտապատկերին մէջ մնացած է նոյն ժպտերես, ծաղկուն դէմքով տղան, մենք կը մեծնանք, կը ծերանանք, բայց ինք մեր բոլորին մտապատկերին մէջ կը մնայ նոյնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն սարկաւագը՝ գնդերէց Մանաւազդ սարկաւագ Մկրտչեան անդրադարձաւ Բեկորի մարդկային բարձր տեսակին՝ հաստատելով, որ Բեկորը եւ անոր նմանները զոհեցին ամէնէն սուղը՝ յանուն այն հայրենիքին, ուր այսօր մենք կ՛ապրինք: Աշոտ Ղուլեան իր կեանքը բեկորներու բաժնեց ու նուիրեց մեզի եւ անոր բեկորները այսօր անթեղուած են բոլորիս սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ կ՛արտայայտուին մեր գործերով, յայտնեց ան: