ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Ռիա Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, թէ Հարաւային Օսեթիա Վրաստանի հետ սահմանը ժամանակաւորապէս պիտի փակէ՝ Ռուսիոյ կողմէ երկրի անկախութեան ճանաչման տարեդարձին տօնակատարութեանց առիթով։
«Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման 11րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն առիթով, 25էն 27 Օգոստոսի միջեւ, Վրաստանի հետ պետական սահմանը փակ պիտի մնայ», յայտարարեց Հանրապետութեան պետական ապահովութեան մարմինը։