Շէյքսփիրի Անուան Հայկական Ընկերակցութեան Գ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ Վենետիկի Մէջ
Շէյքսփիրի անուան հայկական ընկերակցութեան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ:
Հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ 15 Յուլիսին, մասնակցեցան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր Հենրիկ Էդոյեան եւ հիմնադիր Յասմիկ Սայմըր, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն եւ ուրիշ երկիրներէ եկած մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկուցումները կարդացին յայտնի անգլիացի թատերագիրին վերաբերեալ հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ «Շէյքսփիր եւ օտարները», «Շէյքսփիրի թարգմանութիւններ», «Շէյքսփիրի եւ Վենետիկի առասպելը» եւ այլ նիւթեր:
Բացման խօսքը արտասանեց Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, որ անդրադարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան շէյքսփիրեան թարգմանութիւններու աւանդութեան, ապա լրագրող Աւետիս Հաճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Վենետիկի հայ գաղութին պատմութիւնը:
Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Վահրամ Փափազեանի ծննդեան 130ամեակին: Փափազեան համարուած էր Խորհրդային Միութեան լաւագոյն շէյքսփիրեան դերասանը, մասնաւորաբար յայտնի՝ իր Օթելլոյի դերակատարութեամբ, ան նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սան եղած էր: