
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս իր կենդանութեան, այնպէս եւ յետ մահու՝ Վահանը բնատուր իր պերճախօսութեամբ ու յայտնատեսութեամբ ի վիճակի է հանրային կարծիք հունաւորելու կոչուած առաջնորդող միտք ու խօսք բանաձեւելու: Այս պարագային՝ աւելի քան երեք տարուան իր բանտարկութեան շրջանին վերաբերեալ յուշի պատառիկը ուշագրաւ լոյս կը սփռէ ոչ միայն մինչեւ 2018 թուականի ՀՀՇական ու յետ-ՀՀՇական հին Հայաստանի, այլեւ 2018ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ նուաճուած նոր Հայաստանի ամէնէն հրատապ, կնճռոտ եւ կիրքեր բորբոքող հարցերէն մէկուն վրայ:
Խօսքը կը վերաբերի 1991էն ասդին վերանկախացեալ Հայաստանի իշխանութեանց ղեկը ստանձնած իրերայաջորդ պետական այրերու, աւելի ճշգրիտ՝ քաղաքական առաջնորդներու եւ անոնց գլխաւորած քաղաքական ուժերու գործած իրաւախախտումներուն եւ յանցագործութեանց նկատմամբ ինչպէ՞ս վարուելու խնդիրին, հարցերո՜ւ հարցին:
Յատկապէս վերջին ամիսներուն, Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին գորդեան հանգոյցը դարձած է կիզակէտային ու ջրբաժան առաջացնող այդ հարցը: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նուաճած մեր ժողովուրդը առաջին իսկ քայլէն՝ «Մերժի՛ր Սերժին» պահանջը առանորդող դրօշի վերածելու պահուն իսկ, հետեւողականօրէն հնչեցուց վրէժխնդրութեան փորձութեան չմատնուելու ահազանգի փողը:
Հակասակա՞ն էին այդ երկուքը:
Իրաւական առումով՝ անշուշտ որ ո՛չ:
Սերժը մերժող մեր ժողովուրդը ոչ միայն կը մերժէր Հայաստանի ղեկին անժամկէտ տէր մնալու Սերժի նկրտումները եւ ՀՀ սահմանադրութիւնը իր «հասակին» ու «մարմինին» համապատասխան չափել-ձեւելու եւ փոփոխելու գնով պետական իշխանութեան ղեկին մնալու Սերժի բռնակալական ախորժակները, այլեւ կ՛ուզէր մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուիլ խմբիշխանական՝ վերնախաւային պետական կառավարման այն համակարգէն, որ էապէս ՀՀՇական ներշնչում ունէր եւ որուն արմատաւորման յանցագործութեան մէջ իրենց ուրոյն չափերով պատասխանատու են վերանկախացեալ Հայաստանի առաջին երեք նախագահներն ու անոնց խմբակազմները:
Լեւոնի, Ռոբերթի եւ Սերժի լրացուցիչ պաշտօնավարութեամբ հաստատուած եւ սահմանադրական թէ քաղաքական ձեռնածութիւններով ամրապնդուած կառավարման համակարգը մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն ամէն կարգի քաղաքական խաղարկում կիրարկեց, որպէսզի անձնապէս երեք նախագահներէն կամ անոնց մեղսակիցներէն ո՛չ մէկը հաշիւ տայ, դատուի կամ օրէնքով դատապարտուի եւ համապատասխան պատիժը օրինականօրէն կրէ: Հետեւաբար, մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն Հայաստանի վրայ իշխած գործիչներն ու անոնց վարչախումբները վրէժխնդրութեան նշաւակ չդարձնելու ժողովրդային շարժման նախանձախնդրութիւնը որեւէ պարագայի չի նշանակեր եւ ահա արդէն կը տեսնենք, թէ չի կրնար նշանակել, որ Քոչարեան կամ ոեւէ Քոչարեան ՕՐԷՆՔէն վեր պէտք է մնան, մինչեւ դատավարութեան աւարտ կալանքի տակ պէտք չէ առնուին, եւ թէ եղածը իբր սոսկ «վրէժխնդրութիւն» է:
Ժողովրդային շարժումով տակաւին ղեկավարուող նոր Հայաստանի մէջ՝ ոեւէ՛ պետական պաշտօնեայ կամ քաղաքական պաշտօնատար, երկրի նախագահէն կամ վարչապետէն սկսեալ մինչեւ բանակային հրամանատար ու գերադաս կամ շարքային դատաւոր, սովորական քաղաքացիին պէս, ենթակայ է ու հաշուետու ՕՐԷՆՔին: Օրէնքին առջեւ բոլորն ալ իրաւահաւասար են: Պաշտօնավարութիւնը ո՛չ ոքի զերծ կը կացուցանէ դատ ու դատաստանէ եւ այդ առումով ՕՐԷՆՔով նախատեուած կալանքէ:
Ահա ա՛յս առումներով ուսուցողական մեծ նշանակութիւն ունին Վահանի յուշերէն հրապարակուած պատառիկին կատարած եզրայանգումները.
«(Բանտարկուած ժամանակ) Հիասթափութեան պահեր լինում էին, բայց ոչ այն պատճառով, որ իբր սխալուել ես: Եթէ կային սխալներ, դրանք մարտավարական էին, բայց ռազմավարութիւնը, հօ, գիտէի, որ ճիշդ էր: Ու գիտեմ, որ իմ մէջ ոչինչ չի փոխուել: Պարզապէս քայլերս եմ վերանայել, որպէսզի հասկանամ՝ ո՛ր պահին եմ վրիպել: Պատժի գաղափարը պարտադիր չէ, որ մեղքի հետեւանք լինի, ճիշդ լինելու դէպքում էլ կարող ես պատժուել, եթէ սխալ ես քայլել: Յամենայն դէպս, բանտարկուած ժամանակ երբեք չեմ մտածել. վա՜յ, էս ի՛նչ արեցի, ինչո՛ւ մտայ այս խաղերի մէջ, էլ չեմ անի…
«Ոչ էլ հակառակն եմ մտածել. հիմա դուրս կը գամ ու դրանց աչքերը կը հանեմ: Վրէժխնդրութեան պահանջ երբեք չեմ ունեցել ու հիմա էլ չունեմ: Այս ռեժիմի ու դրա ղեկավարների նկատմամբ պարզապէս գարշանք եմ զգում: Իսկ վրէժխնդրութեամբ, առհասարակ, պետութիւն չես կառուցի. վենդետան (արեան վրէժ-Խմբ.) իր ետեւից վենդետա է բերում, եւ այդպէս շարունակ…
«Ի վերջոյ, Տէր Պետրոսեանի դէմ շարժումը յաղթեց: Ուրիշ բան է, որ անմիջապէս իր նկատմամբ պէտք է արուէին որոշակի քայլեր. գահընկէցութիւնից յետոյ սահմանադրական ժողովը պէտք է որոշէր նրա քաղաքական նոր կարգավիճակը, որից յետոյ արդէն ձեւաւորուած լեգիտիմ (օրինական-Խմբ.) իշխանութիւնը քննութիւն անցկացնէր: Դա մեր խնդիրը չէր: Մենք տեսնում էինք երկիրը թալանչիներից, ապազգային տարրերից ազատագրելու նպատակը, որն, ի դէպ, բոլորովին չէր ենթադրում իշխանութեան գալու պարտադիր պայման»:
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան եւ անոր ղեկավարութեան այդ տարիներու կեցուածքին եւ մարտավարութեան վերաբերեալ հանգուցեալ մեր ընկերոջ վերջին եզրայանգումը անկասկա՛ծ արժանի է յատուկ եւ առանձին շեշտադրումով անդրադարձի՝ մերօրեայ զարգացումներու լոյսին տակ: Հո՛ս, անմիջականօրէն, ուշագրաւ է Վահան Յովհաննիսեանի այն այժմէական հնչեղութեամբ պատգամը, թէ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահական պաշտօնէն հրաժարումէն ետք, «անմիջապէս իր նկատմամբ պէտք է արուէին որոշակի քայլեր. գահընկէցութիւնից յետոյ սահմանադրական ժողովը պէտք է որոշէր նրա քաղաքական նոր կարգավիճակը, որից յետոյ արդէն ձեւաւորուած լեգիտիմ իշխանութիւնը քննութիւն անցկացնէր…»։
Դաշնակցական պետական այրի քաղաքական հասունութեամբ եւ ազգային-յեղափոխական գործիչի հասարակական պատասխանատուութեամբ՝ Վահանը վստահօրէն կը գիտակցէր, որ բանտին մէջ անարդար պատիժ կրող դաշնակցական ներկայացուցիչի իր արդարացի ընդվզումն անգամ չէր կրնար արդարացնել վրէժխնդրութեան անձնատուր ըլլալու փորձութիւնը, որովհետեւ «վրէժխնդրութեամբ, առհասարակ, պետութիւն չես կառուցի…»։
Բայց իր դէմ գործուած անարդարութենէն եւ անոր ի պատասխան վրէժխնդրութենէն անդին, Վահանը նաեւ կը հաւատար, որ կար ՕՐԷՆՔի եւ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ դէմ գործած հանրապետութեան նախագահ մը արդարադատութեան առջեւ կանգնեցնելու հրամայականը, որ որեւէ աղերս չունէր վրէժխնդրութեան հետ եւ թէ, յանուն Հայաստանի եւ հայութեան պայծառ գալիքին՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ դամոկլեան սուրը եւ հզօր թաթը միշտ զգալի պէտք է պահել մեր ժողովուրդի գերագոյն վստահութիւնը չարաշահողներու գլխուն վերեւը:
Երանի մարմինն ու առողջական վիճակը դաւաճանած չըլլային տարաբախտ մեր ընկերոջ եւ նուիրեալ ղաշնակցական Վահանը կարենար ըմբոշխնել իր պաշտած ժողովուրդին նուաճած թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակին բերկրանքը: