ԼՈՆՏՈՆ.- Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ արաբական «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ, Եփրատի արեւելեան ափին վրայ «ապահով գօտի»ին շուրջ գոյացած թուրք-ամերիկեան փոխադարձ հասկացողութեան հիմամբ՝ այդ շրջանը պիտի ըլլայ Ռասուլ Այն եւ Թել Ապիատ քաղաքներուն միջեւ, 70-80 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 5-14 քիլոմեթր խորութեամբ. հոն հոսկողութիւնը պիտի կատարուի թրքական եւ ամերիկեան ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ գործողութիւններու միացեալ կեդրոն պիտի հաստատուի:
Յիշեցնենք, որ թրքական կողմը կը պահանջէր, որ գօտին Ճարապլուսէն Իրաքի հետ սահմանը երկարի եւ անոր խորութիւնը ըլլայ 20-30 քիլոմեթր:
Աղբիւրները շեշտեցին, որ համաձայնութիւնը չի ներառեր տեղական ինքնակառավարման որեւէ ոլորտ եւ կապ պիտի չունենայ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին հետ, սակայն կը ներառեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու շրջանէն հեռացումը, ծանր զէնքերու Թուրքիոյ սահմանէն 20 քիլոմեթրով հեռացումը եւ շրջանին վերեւը լրտեսական օդանաւերու թռիչքներու արտօնութիւնը:
Թերթը կը նշէ, թէ թուրք-ամերիկեան նախնական համաձայնութենէն քանի մը օր ետք, Անգարա դէպի Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող իր դիրքերը ուղարկած է զինուորական յաւելեալ ուժեր՝ փորձելու համար Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ համաձայնութեան Մոսկուայի յանձնառութիւնը, սակայն անոնք Խան Շէյխուն քաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ռուս-սուրիական ռմբակոծումին ենթարկուելով՝ տեղքայլի մատնուած են: