ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն վարչապետին աշխատակազմին պիտի յատկացուի 33 միլիոն 680 հազար դրամ, որ դրամաշնորհային պայմանագիրի հիման վրայ 16 միլիոն 200 հազար դրամ պիտի տրամադրէ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորման» հասարակական կազմակերպութեան Ստեփանակերտի գրասենեակին եւ 17 միլիոն 480 հազար դրամ՝ «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնին:
22 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Ծովինար Սողոմոնեան ըսաւ, որ այս գումարները պիտի տրամադրուին Սեպտեմբեր 2019ին Արցախի մէջ կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով:
«Պէտք է նշեմ, որ երկու կազմակերպութիւնները Հայաստանում լայն փորձ ունեն թէ տեղական ինքնակառավարման մարմինների ընտրութիւնների, թէ խորհրդարանական ընտրութիւնների ոլորտում», յայտնեց ան։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց այս որոշումը՝ ընդգծելով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ անձամբ ինք անհրաժեշտ կը նկատեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ երաշխիքներ ստեղծէ, որպէսզի ապահովուի Արցախի ժողովուրդին ազատ կամքի արտայայտութիւնը, իսկ այդ քայլը այդ միջոցառումներու ցանկին վրայ գտնուող գործողութիւն է: