(Կարա Մուրզայի Անզուգական Մեկնաբան)
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ
Ցաւ ի սիրտ, «Պայքար»էն տեղեկացայ երաժշտագէտ ու մեծ արուեստաբան, Կարա Մուրզայի բացառիկ մեկնաբան Գրիգոր Փիտէճեանի մահուան մասին։ Վերջերս, երբ կը խօսէի իրեն հետ, կը գանգատէր քանի մը առողջական պատճառներ թուելով, սակայն մահուան գոյժը անակնկալ եղաւ ինծի համար։
Աւազանէն՝ Յակոբ Փիտէճեան, 12 տարեկանին, ծնած Աղեքսանդրիա, կը հանդիպէր Գահիրէէն ամառնային ճամբարի համար Աղեքսանդրիա մեկնած 14ամեայ Դանիէլ Արզումանեանին։ Երկուքը կը մտերմանային, երբ օր մը Յակոբ ինծի համար «Գթա Տէր» շարականը կ՛երգէր՝ լսած ըլլալով տեղւոյն ծերունի Վարդան քահանայ Գարակէօզեանէն։ Ինծի անծանօթ շարական մըն էր… Տարիներ ետք, երբ երկուքս Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ կ՛ուսանէինք, անոր յիշեցուցի շարականին մասին։ Վերջերս հեռաձայնի վրայ դարձեալ յիշեցի պատանեկան մեր հանդիպումն ու «Գթա Տէր» շարականի իմ առաջին ուսուցիչս ըլլալը։ Ազնուական Գրիգոր Փիտէճեան հետագային միշտ յոգնակիով կը խօսէր հետս՝ իր թաքուն եւ արուեստագէտի բարի նկարագիրը ցոլացնելով։
Փիտէճեան Անթիլիաս ժամանեց ինձմէ երեք տարի ետք. հին նկարներէն յայտնի կը դառնայ, թէ իբրեւ ժառանգաւոր ան ներկայ եղած է մեծանուն կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց հայրապետի յուղարկաւորութեան՝ 1952ին։ Ասկէ տարի մը առաջ ինծի ուղարկեց երկու հին նկարներ՝ Անթիլիասի Ուխտի օրուան թափօրներէն, որոնց ես որպէս սարկաւագ, իսկ ինք՝ ժառանգաւոր, մաս կը կազմէինք։ Իմ կարգին, իրեն ուղարկեցի փոքրիկ նկար մը, ուր Փիտէճեան 1954ի Յուլիս 4ին կը լուար նոյն օրը ձեռնադրուած եւ օծուած հայր Զաւէն Արզումանեանի միւռոնաբոյր ձեռքերը՝ որպէս կրտսեր կնքահայր։
ՅԱՅՏՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏԸ
Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի պատմութեան մէջ Գրիգոր Փիտէճեան կը հանդիսանայ միակ շրջանաւարտը՝ որպէս միջազգային որակով յայտնի փրոֆ. երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար։ Իր ստացած բարձրագոյն ուսումն ու զարգացումը զինք առաջնորդեցին Հայաստան, ուր եւս երաժշտական մարզին մէջ յատուկ ուշադրութեան եւ բարձրագոյն պատիւներու արժանացաւ, յատկապէս երբ արդէն ի լոյս ընծայած էր ինծի ուղարկած երկու բացառիկ հատորներ՝ «Կարա Մուրզայի Կեանքն ու Գործը» եւ «Անձինք Նուիրեալք» շարականի մանրամասն մեկնաբանութիւնը՝ բնագրային եւ շարականագիտական հիմունքով։ Երկուքը յայտնի երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանի պարծանքը կը հիւսեն, ի միջի այլոց երաժշտագիտական այլ երկերու եւ յօդուածներու հետ միասին, որոնցմէ նշեալ երկուքին առանձինն կ՛անդրադառնամ ստորեւ։
Առիթով մը կը խօսէինք Դպրեվանքի երաժշտութեան մեր ուսուցիչին՝ համբաւաւոր երաժիշտ եւ երգահան Համբարձում Պէրպէրեանի մասին։ «Համբարձում Պէրպէրեան մեր օրերու մեծագոյն երաժշտագէտներէն մին եղաւ», կ՛ըսէր ան, բարձր գովասանքներով, երբ իրեն կը յիշեցնէի մեր ուսանողական տարիներուն Գարեգին Ա. հայրապետին 1951ի առաջարկը՝ ուղղուած Համբարձում Պէրպէրեանին, Վարդանանց 1500ամեակին առիթով համանուագ մը ստեղծագործելու մասին։ Պէրպէրեան, Գարեգին Յովսէփեանց հայրապետին իղձը իսկոյն իրականացուց մեր ուսանողական օրերուն, Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութեան բառերով յօրինելով զմայլելի «Գանթաթա», որ համազգային պատիւ բերաւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին, զայն անձամբ ղեկավարելով նուագախումբի եւ երգչախումբի լիակատար մասնակցութեամբ։ 1951ի առաջին ներկայացումին, որուն մաս կազմեցինք նաեւ ուսանողներս, հայրապետը լսեց ու զմայլեցաւ գոհունակ սրտով։ Համբարձում Պէրպէրեան «Վարդանանց Օրաթորիօ»ն ղեկավարեց աշխարհով մէկ, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի մէջ, բազմաթիւ անգամներ։
Գրիգոր Փիտէճեան լաւ ծանօթ էր «Գանթաթա»ին, երբ իրեն յայտնեցի, որ ձայնագրութիւնը իր վերջնագոյն ձեւին մէջ ունէի եւ երբեմն ձեռքս առնելով կ՛երգէի մայր եղանակը, զոր իւրացուցած էի եւ մինչեւ օրս ալ կ՛երգեմ։ Գրիգորին կ՛ըսէի, թէ այնքան ալ հարազատօրէն չէի կրնար հետեւիլ ձայնագրութեան, եւ ինք կ՛ըսէր, թէ պիտի ջանաս զատորոշել մայր եղանակը մնացեալ դաշնաւորումէն։
ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏԻ ԱՒԱՆԴԸ
Հայ երգարուեստը եւ շարականագիտութինը շատ բան կը պարտին փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանին։ Իր թողած կարեւորագոյն երկու գործերէն մին Կարա Մուրզայի կեանքին եւ երաժշտութեան ու անոր «առաջին հայկական Պատարագին» նուիրուած արժէքաւոր հատորն է։ Իսկապէս անզուգական գործ մը, որուն մէջ վերջին ու ամբողջական խօսքը կ՛ըսուի 19րդ դարու այդ վաստակաւոր հայ երաժիշտին մասին։ Ուրիշներ շատ գրած են Կարա Մուրզայի մասին, սակայն թերի եւ ոչ-մասնագիտական։
Փիտէճեանի սոյն հատորին մէջ Կարա Մուրզայի կեանքին մասին աղօտ եւ կնճռոտ մնացած հարցեր իրենց լուծումը գտած են, յատկապէս Էջմիածինի մէջ իր դիմակալած հակառակութեանց առիթով, եւ մասնաւորաբար ամէնէն ցայտունը, անոր Հայ Եկեղեցւոյ «առաջին Պատարագը», Մակար Եկմալեանէն ու Կոմիտաս Վարդապետէն առաջ, զոր Կարա Մուրզա յօրինած է իբրեւ հիմք, որուն լրիւ երաժշտական նօթերը Փիտէճեան որպէս ամբողջութիւն եւ սկզբնաղբիւր այնքան հանգամանօրէն խմբագրած, վերբերած ու հրատարակած է իր այս հատորին մէջ։
Փիտէճեանի միւս երկը՝ նոյնքան արժէքաւոր, կը հանդիսանայ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց յիշատակին 7րդ դարուն Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսին յօրինած շարականի պատմական եւ երաժշտական բովանդակութիւնը եւ մասնագիտական վերլուծումը։ Անոր մէջ Փիտէճեան բաղդատած է ԴԿ դարձուածք շարականներու կառուցուածքը որոնց եղանակին հիմքը կաթողիկոսին «Անձինք Նուիրեալք Սիրոյն Քրիստոսի» հոյակապ շարականն է, այբենական տառասկիզբներով՝ 36 տուն, Աէն Ք։ Շարականը յօրինողը, ըստ Փիտէճեանի, եղած է նոյն ինքն Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսը, որ հեղինակն է թէ՛ 36 տուներուն հոյակապ բանաստեղծութեան եւ թէ նոյնքան սրտառուչ ԴԿ դարձուածք եղանակին։ Պէտք է յիշենք, որ այդ պատճառով մեր անմիջական անցեալի Կոմիտաս վարդապետը ժառանգեց կաթողիկոսին անունը արժանաւորապէս։
Միայն պատմական դէպքերուն ակնարկը եւ շարականին համապատասխան յօրինումը չէ՛ եղած երաժշտագէտ Փիտէճեանի աշխատանքին հորիզոնը, այլ ան կատարած է աննախընթաց գործ մը՝ հաւաքելով նոյն ԴԿ դարձուածքի հիմնական շարականները եւ զանոնք բաղդատած «Անձինք» շարականին հետ։ Գիրքին մէջ կը յայտնաբերուին բերանացի եղանակներու եւ գրաւոր երաժշտութեան յարակցութիւնը, ժամանակներու հետ յառաջացած զարգացումները, յանգելով այն եզրակացութեան, որ մայր եղանակը «Անձինք» շարականէն կու գայ եւ կը տարածուի միւս նոյնանման շարականներուն վրայ, զորս Փիտէճեան յանուանէ կը հրատարակէ երաժշտական նօթերով միասին՝ իբրեւ նմոյշ առաջին անգամն ըլլալով։
ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
Մեր ներկայ ժամանակներուն, այլեւս չենք հանդիպիր վաւերական երաժշտագէտ հայորդիի, Սովետական կարգերու փլուզումէն ասդին։ Երաժշտութիւնը մեր մէջ իր դասական նկարագիրէն գրեթէ պարպուած է, եւ սխալ պիտի չըլլայ երբ հաստատենք, որ Գրիգոր Փիտէճեանի մահով կ՛աւարտի նաեւ մեր իսկական հարազատ երաժշտութիւնը, որուն յաջորդողները չեն երեւիր հեռաւոր հորիզոնին վրայ, գոնէ առ այժմ։ Իր բարձրագոյն ազնուութեամբ եւ խոնարհութեամբ Գրիգոր Փիտէճեան կնիքը դրաւ հայ գեղարուեստի սոյն բնագաւառին վրայ արժանաւորապէս, առանց փողի եւ թմբուկի։
Իր ազնուութեան մէկ արտայայտութիւնը վերջերս յայտնեց իր պատանեկան նոյն ընկերոջ նկատմամբ, երբ Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանին Հայրապետական Կոնդակով շքանշան կը յանձնուէր յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Արեւմտեան թեմին մէջ։ Հոն կը կարդային գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով լի յատուկ նամակ մը՝ ձեռագիր գրուած երաժշտագէտ եւ պատուակալ փրոֆ. Գրիգոր Փիտէճեանի կողմէ. անոր մէջի միջի այլոց կ՛ըսէր. «Վաստակաշատ պատմագէտ, սիրելի ու արժանաշնորհ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանին, պատանեկութենէս ցարդ ունեցած համակրական ու եղբայրական զգացումներուս եւ հարուստ վաստակին նկատմամբ մեծ հիացումիս իբրեւ արտայայտութիւն»։
Թող ներկայ գրութիւնը մեր շարականներուն բառերով «արեգակնակերպ ճառագայթներով» լուսաւորէ անոր հոգին։