Կազմակերպութեամբ Ռումանահայոց միութեան եւ թեմին՝ «Հայկական փողոց» եռօրեայ փառատօնի շրջագիծին մէջ, 3 Օգոստոսին, Պուքրէշի առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած համերգը:
Ձեռնարկը սկսաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի օրհնութեամբ, որմէ ետք խօսք առաւ ռումանահայ նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, խմբագիր, զանազան գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ Սերժու Սէլեան, որ ժամանած էր Աւստրալիայէն փառատօնին մասնակցելու համար: Ապա հանդէս եկաւ սոփրանօ Արմինէ Խաչատուրեան՝ նուագակցութեամբ Քարմէն Ասատուրեանի: Համերգին ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի նշանաւոր եւ հանրայայտ հոգեւոր ու ազգային ստեղծագործութիւնները:
Համերգին աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի նուիրուած երկու գիրքերու ռումաներէն թարգմանութիւններու շնորհահանդէսը: Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանի «Խելագարութեան Ակունքներու Մէջ. Կոմիտաս. Հայ Կուռքի Դիմանկարը» եւ Վարդան Վարդանեանի «Յաւերժ Ճամբորդ» աշխատութիւնները ռումաներէնի թարգմանած էր Սերժու Սէլեան, հրատարակութեան պատրաստած էին Սիրուն Թերզեան եւ Միհա Գազազեան: