ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական խումբի երկու անդամներ դարձած են աշխարհի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր:
Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական յանձնախումբին համաձայն՝ 60 քլկ. դասակարգին մէջ, Սահակ Յովհաննիսեան ըմբշամարտի երիտասարդական աշխարհի առաջնութեան աւարտական մրցումին 2-7 արդիւնքով պարտուած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Քերեմ Քամալէն, ստանալով արծաթէ մետալ:
67 քլկ. դասակարգին մէջ, Շանթ Խաչատրեան նոյնպէս դարձած է փոխախոյեան, երբ աւարտական մրցումին 3-6 արդիւնքով զիջած է Վրաստանի ներակայացուցիչ եւ երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան Գէորգի Շոթաձէին: