ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի կառավարութիւնը 2.1 միլիառ դրամ յաւելեալ միջոցներ պիտի տրամադրէ՝ մարտական դիրքերը ըմպելի հոսող ջուրով ապահովելու համար:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ուրախ եմ տեղեկացնել, որ ՀՀ կառավարութիւնը 2.1 միլիարդ դրամ յաւելեալ միջոցներ կը տրամադրի զինուորների մարտական հերթապահութեան պայմանները բարելաւելու, այդ թւում՝ մարտական դիրքերը խմելու հոսող ջրով ապահովելու համար»։