Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն մասնակցած պատուիրակութիւնները Ծիծեռնակբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ անոնք նախ ծաղիկներ խոնարհեցին յուշահամալիրին մէջ, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը:
«Համահայկական այս խաղերը նոր թափ ստացան Արցախի մէջ անոր բացումէն ետք… Հիմա ամբողջական ենք՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի անդամ Սեպուհ Պաղտոյեան:
Վիեննայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ կ՛իրականանայ խաղերուն խորհուրդը՝ հայերը միասնական են… Մասնակցողներուն մէջ նոյնիսկ սիրահարուած զոյգեր կան արդէն: «Արցախի ժողովուրդը հրաշալի կերպով ընդունեց մեզ: Հպարտ ենք եւ երախտապարտ իրենց», եզրափակեց ան:
Ըստ Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Իշխան Զաքարեանի՝ խաղերուն կը մասնակցին եղեռնի ենթարկուած ժողովուրդի ժառանգորդները, եւ այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ արդէն աւանդական դարձած է խաղերուն համար: «Գիրքերուն մէջ կարդալը այլ է, այստեղ ըլլալը՝ այլ» ըսաւ ան:
Համահայկական խաղերուն համար, 13 Օգոստոսը հանգիստի օր է, արդ, պատուիրակութիւնները կ՛այցելեն Գառնի եւ Գեղարդ:
Նշենք, որ 7րդ համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի կը մասնակցին շուրջ 5000 մարզիկներ աշխարհի 35 երկիրներու 160 քաղաքներէ: