ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Եթէ նախորդ երկու յօդուածներով ներկայացուցի Հայաստանէն Թուրքիա գաղթի հիմնական պատճառները, թէ՛ ուղարկող կողմին մէջ (անկախացում, երկրաշարժ, պատերազմ, տնտեսական վերափոխումներ եւ շարունակուող ապաշնորհ կառավարում ու բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ թալան) եւ թէ հիւրընկալող կողմին (Թուրքիոյ տնտեսական յառաջխաղաց, սպասարկման ոլորտին մէջ աժան շահագործելի աշխատոյժի կարիք, այլ երկիրներու հետ համեմատած՝ նիւթական եւ (ան)օրինական դիւրութիւններ), ապա այս սիւնակով կ՛անդրադառնամ ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու որոշ ժողովրդագրական եւ ընկերային տուեալներուն: Ընթերցողը հաւանաբար հարց տայ, թէ ո՛ւր կը բնակին, ի՛նչ թիւ կը ներկայացնեն, ի՛նչ տնտեսական-ընկերային իրավիճակ կը պարզեն, օրինական առումով ինչպիսի՛ կացութեան մէջ են, սեռային ի՛նչ յարաբերակցութեամբ կը յատկանշուին եւ այլն:
Նախ եւ առաջ պէտք է նշել, որ բոլոր այս հարցումներուն ալ կարելի է միայն մօտաւոր ու թերի պատասխաններ տալ, որովհետեւ, ինչպէս հաւանաբար յայտնի է ընթերցողներէն շատերուն, Հայաստանէն եկած աշխատանքային գաղթականներուն մեծամասնութիւնը երկրին մէջ կեցութեան իրաւունք չունի: Հետեւաբար, կը բացակային յստակ տուեալներ եւ հաշուարկներ: Եկածներու կարեւոր մէկ մասը հասած է զբօսաշրջութեան անցագիրով եւ պարզապէս չէ վերադարձած: Ուրիշներ, կ՛ըսուի, նոյնիսկ ապօրինի հատած են սահմանը, յատկապէս գաղթի սկզբնական տարիներուն: Ոմանք օրինական ճանապարհով եկած, բայց ապօրինի կերպով դէպի Եւրոպա անցած կրնան ըլլալ: Վերջապէս, գրեթէ երեսուն տարիներու ընթացքին կան Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ծնած բազմաթիւ գաղթականի երեխաներ, որոնք ո՛չ հայաստանեան, ոչ ալ թրքական հպատակութիւն ունին: Այսպիսի պայմաններու մէջ, ճշգրիտ թիւեր եւ տուեալներ ունենալը գրեթէ անկարելի է:
Գաղթականներու թիւին մասին ենթադրութիւնները կը տատանին 12,000ի եւ 100,000ի միջեւ: 100,000ի վարկածը յառաջ կը տարուի որոշ ելոյթներու ընթացքին Թուրքիոյ պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, որոնք բացի անկէ, որ որեւէ կերպով հիմնաւորում չեն ներկայացուցած, ունեցած են նաեւ խիստ քաղաքական շեշտադրումներ (թէ Թուրքիան բարեացակամ է հայերու հանդէպ եւ երբ որ «պէտք ըլլայ», այսինքն եթէ Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը եղեռնի ճանաչման հարցով «խելօք չմնան», դուրս կը դրուին 100,000 Հայաստանի քաղաքացիները). ուստի այդ թիւը արժանահաւատ չի կրնար սեպուիլ եւ հաստատապէս ուռճացուած է: Անդին, թուրք թէ հայ անկախ փորձագէտներ աւելի հակուած են 10-15,000ի շուրջ թիւերուն, իսկ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին տարիներուն յայտարարած էր 20,000ի մասին:
Ինչ կը վերաբերի բնակութեան վայրերուն, աներկբայօրէն կարելի է ըսել, որ հայ գաղթականները ամէնէն աւելի Պոլսոյ մէջ կեդրոնացած են, առաւելաբար Գումգաբուի եւ շրջակայքին, ինչպէս նաեւ որոշ չափով Պաքըրգիւղի, Սամաթիոյ եւ Ֆէրիգիւղի թաղամասերուն մէջ: Ես անձնապէս չեմ այցելած, բայց կ՛ըսուի նաեւ, որ Հայաստանի աւելի մօտ քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Տրապիզոն, եւ սպասարկման ոլորտի կեդրոններ հանդիսացող հարաւային զբօսաշրջութեան քաղաքներու մէջ եւս աշխատող-ապրող հայ գաղթականներ կան:
Գալով սեռերու յարաբերակցութեան, այստեղ եւս պատկերը բաւական յստակ է, եւ հաստատապէս կարելի է նշել, որ կիները ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմեն: Ինչպէս նախորդ յօդուածիս մէջ գրած էի, այս հանգամանքին հիմնական պատճառը Թուրքիոյ աշխատաշուկայի իւրայատկութիւններն են: Կին գաղթականներ, ոչ միայն հայերու պարագային, աւելի դիւրութեամբ աշխատանք կը գտնեն սպասարկման ոլորտին մէջ, յատկապէս ընտանիքներու մօտ, տուներու մէջ: Այնպէս չէ սակայն, որ տղամարդիկ չկան: Հանդիպած եմ բազմաթիւ տղամարդոց, որոնք կա՛մ որպէս արհեստաւոր կ՛աշխատին, կա՛մ որպէս շինարար կը բանին, կամ ալ խանութներու մէջ այս թէ այն համեմատաբար քիչ վճարուող գործերով կը զբաղին:
Բնականաբար, գաղթականի եւ ոչ-օրինական աշխատանքային պայմաններուն մէջ գործող այս հազարաւորները կ՛ապրին նիւթապէս շատ նեղ ու ժուժկալ պայմաններու մէջ: Յաճախ իրենց ստացած բուռ մը վարձատրութեան մեծ հատուածը կը ստիպուին ուղարկել տուն՝ Հայաստան, ապրեցնելու համար ետեւ մնացած ամուսինները, զաւակները, մայրերն ու հայրերը: Կ՛ապրին կա՛մ տեղացի հայ ընտանիքներու մօտ, այսինքն փաստացի իրենց աշխատավայրին մէջ, ու բախտը կ՛որոշէ, թէ ի։նչ պայմաններու մէջ, կամ ալ, եթէ այլուր, ապա յաճախ վատթար պայմաններու մէջ, հին ու փոքր տուներու մէջ քանի-քանիներով խցկուած: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ, անշուշտ, ամէն օր պետութեան կողմէ բռնուելու, արտաքսուելու եւ անգործ-անճար Հայաստան վերադառնալու մտահոգութիւնը:
Հակառակ այս ամէնուն, սակայն, հայ գաղթականները Պոլսոյ մէջ յաջողած են հիմնել կրթական օճախ: Բայց այդ մասին՝ յաջորդ սիւնակով: