ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Զինուած ուժերու հրամանատարութեան վարչական բաժինի տեղեկատուական բաժանմունքը լրագրողներու համար 8-9 Օգոստոսին կազմակերպած է այցելութիւններ դէպի Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասեր եւ սահմանագիծ:
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին դիրքերէն մէկուն մէջ Դաւիթ Սարգսեան, որ արդէն 1 տարի եւ 6 ամիսէ ի վեր կը ծառայէ, նշեց, թէ ծառայութիւնը բաւական հետաքրքրական է։ «Տեղաշարժեր հակառակորդի կողմից գրեթէ ամէն օր լինում է, սակայն շատ հազուադէպ է, որ դրանք վտանգաւոր են: Մենք ամէն օր դիտարկումներ ենք իրականացնում եւ նրանց ամէն շարժ մեր նշանառութեան տակ է: Վստահ կարող եմ ասել, որ հակառակորդի իւրաքանչիւր քայլ պատրաստ ենք կանխել», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ վերջին անգամ իրենց ուղղութեամբ մարտական գործողութիւններ կատարուած են 2-3 ամիս առաջ:
Ան նշեց, որ հանգիստի ժամին գիրք կը կարդան, կը զրուցեն իրարու հետ, ճատրակ կը խաղան, սակայն միշտ զգօն վիճակի մէջ կը մնան։
Գումարտակի հրամանատար, փոխգնդապետ Սասուն Ստեփանեան ըսաւ, որ 2016 թուականէն ետք ճարտարագիտական աշխատանքները աւելի մեծ թափով կ՛ընթանան։ «Այսօր մեր դիրքերն ապահովուած են եւ գիշերային, եւ ցերեկային դիտարկման սարքաւորումներով, ինչպէս նաեւ ստեղծած են բոլոր պայմանները, որպէսզի մեր զինուորները կարողանան համեմատաբար անվտանգ մարտ վարել», նշեց փոխգնդապետը:
Անդրադառնալով սպաներու աշխատավարձերու բարձրացման՝ Ստեփանեան ընդգծեց, որ այդ քայլը շատ գովելի է, եւ բոլորը գոհ են: