ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ յառաջատար մնալ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»ի («Կրանտ չես Թուր») արագ խաղի մրցաշարքին։
Արոնեան 6րդ եւ 7րդ փուլերուն խաղաց Չինաստանէն Տին Լիժէնի եւ Միացեալ Նահանգներէն Փերեզ Տոմինկեզի հետ, այնուհետեւ սեւերով յաղթեց աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընին։
Այժմ Արոնեան 12էն ունի 10 միաւոր եւ առանձինն կը գլխաւորէ մրցաշարքին ցանկը։
Սենթ Լուիսի մրցաշարքին մասնակցողները պիտի մրցին կայծակնային խաղի մրցումին եւս: