ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 9 Օգոստոսին յայտարարեց, որ Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, նպատակ ունի օժանդակելու Արցախի հակամարտութեան կողմերուն՝ խաղաղութեան բանակցութեանց գործընթացը յառաջ տանելու համար:
«Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ այսօր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի շփման գիծին վրայ յարաբերական հանգստութիւն կը տիրէ: Նոյն ժամանակ, մենք մտահոգ ենք, որ կողմերը, տարբեր պատրուակներով՝ կը շարունակեն փոխադարձ մեղադրանքներ կատարել», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ նման հռետորաբանութիւն չի համապատասխաներ բանակցային գործընթացին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու փորձին եւ, համապատասխանաբար, հակամարտութեան կարգաւորման փոխզիջումային տարբերակներ փնտռելու ջանքերուն:
«Ռուսիա համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու միջոցով։ Նկատի ունենալով Մոսկուայի սերտ յարաբերութիւնները Պաքուի ու Երեւանի հետ, մենք հաւատարիմ կը մնանք խաղաղութեան գործընթացի համակողմանի յառաջխաղացքը ապահովելու ջանքերուն աջակցելու դիրքորոշումին», եզրակացուց Զախարովա: