ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Բրիտանիա պիտի միանայ Ծոցի եւ յատկապէս Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով կազմուող Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային նաւատորմիղին, օգտագործելով արդէն իսկ շրջանին մէջ գտնուող իր ուժերը։
Իր կարգին, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իրանի եւ մեր գործընկերներուն հետ պիտի շարունակենք աշխատիլ լարուածութեան մեղմացման եւ հիւլէական համաձայնութեան պահպանման համար»։
Միւս կողմէ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Բրիտանիա պիտի չմիանայ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցներուն:
Նշենք, որ եւրոպական այլ երկիրներ վերապահութեամբ կը մօտենան Ծոցին մէջ ամերիկեան նոր առաքելութեան, իսկ Գերմանիա յստակօրէն յայտարարեց, թէ անոր մաս պիտի չկազմէ։