Հայաստանի պետական պիւտճէի եկամուտները 2019ի առաջին կիսամեակին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աւելցած են։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի կառավարութեան «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը:
«2019ի առաջին կիսամեակին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ պետական պիւտճէի եկամուտները աւելցած են 25.1 տոկոսով կամ 152 միլիառ դրամով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կարելիութիւն ընձեռուած է նախաձեռնելու հետեւեալ մեծ ծրագիրները՝ 1 Յունիսէն միջինը 10 տոկոսով բարձրացած է զինուորական ծառայողներու աշխատավարձը, 1 Սեպտեմբերէն 10 տոկոսով պիտի բարձրանայ շուրջ 38 հազար ուսուցիչներու աշխատավարձը, 1 Յունուար 2020էն սկսեալ 10 տոկոսով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, յաւելեալ 7 միլիառ 400 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի ճանապարհաշինութեան՝ ընդհանուր 303 քմ. երկարութեամբ ճանապարհներու վերանորոգման համար, յաւելեալ 10 միլիառ դրամ դրամական օգնութեան ծրագիրներով՝ պիտի յատկացուի համայնքներուն՝ համայնքային ծրագիրներ իրականացնելու համար, 3 միլառ դրամ պիտի յատկացուի 1988ի երկրաշարժին հետեւանքով բնակարան կորսնցուցած քաղաքացիներու բնակարանային խնդիրները մէկ ծրագիրով լուծելու համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: