ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը 29 Յուլիսին իր հերթական նիստը գումարեց պատրիարքարանին մէջ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի: Շուրջ չորս ժամ տեւեց ժողովը, որ մարմինին երկրորդ նիստն էր:
Ժողովէն ետք, ատենապետ Քէօլէդաւիթօղլու եւ բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան տեղեկացուցին, որ մարմինը դարձեալ վերահաստատեց իր մտադրութիւնը, որ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպուի առանց ժամանակ կորսնցնելու: Ներկայիս նախատեսուած ժամկէտը Դեկտեմբեր ամիսն է: Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ եկեղեցիներու ընտրացանկերը արդիականացնելու ու կատարելագործելու կարեւորութիւնը, արդար ընտրութիւն մը իրականացնելու նպատակով։
Նախաձեռնարկ մարմինը որոշեց Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցաւ կատարել դիմում մը, որով պիտի պահանջուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութիւն: Այդ հիման վրայ արդէն կարելի պիտի ըլլայ յստակացնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը: Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ կանոնադրութիւնը պահանջելու համար, ներկայացուելիք պաշտօնական դիմում-նամակին մէջ մատնանշել նաեւ իր ժամկէտի հորիզոնը, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ կարելի դառնայ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:
Կանոնադրութիւն պահանջելու համար, պետութեան ուղարկուելիք դիմում-նամակը պիտի ստորագրուի պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի եւ Քէօլէդաւիթօղլուի կողմէ:
Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները 29 Յուլիսի ժողովի աւարտին, նաեւ կապ հաստատեցին Սահակ եպս. Մաշալեանի հետ՝ կարճ հանդիպում մը առաջարկելով։ Այս խնդրանքին ընդառաջ, Մաշալեան սրբազանը միացաւ ժողովականներուն, որոնք իրեն համար ամփոփեցին ծաւալած քննարկումները: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու կարճ փոխանակում մը: Այս խորհրդակցութեան հիման վրայ ալ արդէն սկիզբ տրուեցաւ հերթական պաշտօնական նամակի խմբագրման:
Պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւն պահանջող պաշտօնական նամակը քանի մը օրէն Գումգաբուէն պիտի ուղարկուի նահանգապետարան: Ինչպէս Նախաձեռնարկ մարմինի անդրանիկ նիստի գումարման եւ դիւանի ձեւաւորման զուգահեռ կատարուած պաշտօնական իրազեկման պարագային, այս փուլին եւս պատրիարքարանէն պաշտօնեայ մը նամակը պիտի յանձնէ Պոլսոյ կուսակալութեան պատկան բաժանմունքին: