ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու պատգամաւորներ՝ Էվրու Կունայ (քիւրտ) եւ Կարօ Փայլան (հայ), որոնք անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11էն 24 Օգոստոս պիտի այցելեն Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներ:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի եւ Ուրուկուէյի մէջ քաղաքական շարք մը պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան եւ դասախօսութիւններ պիտի տան Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ պիտի ներկայացնեն տարուող աշխատանքները՝ մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով:
Երկու խորհրդարանականները նշեալ երկիրներուն մէջ նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: