ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան 29 Յուլիսին ընդունեց Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ կային նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր, ինչպէս նաեւ Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի անդամ Տոմինիք Մորենօ, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Տանիա Էսկար, Արիզոնայի նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Փօլ Պոյըր եւ Օթոնիէլ Նաւարեթի ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Նորա Յովսէփեան եւ անդամներ՝ Սագօ Պէրպէրեան ու Լինա Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Սիմոն Մաղաքեան։ Այցելութիւնը կազմակերպուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումին կողմէ։
Աւինեանի գրասնեակը կը տեղեկացնէ, թէ ողջունելով հիւրերը՝ Հայաստանի փոխվարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան համակողմանի ընդարձակման ջանքերուն, եւ այդ պարունակին մէջ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հետ կապերու ամրապնդումը կարեւոր դեր կը խաղայ:
Իր կարգին, Քունալաքիս ըսաւ, որ շատ ուրախ է Հայաստան այցելելուն համար՝ յատկապէս նկատի ունենալով Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումները:
Կողմերը կարեւոր համարեցին Ամերիկայի հանրային կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ հայ համայնքի ունեցած դերակատարութիւնը ու ներդրումը հայ-ամերիկեան համագործակցութեան զարգացման ջանքերուն մէջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ու Քալիֆորնիոյ, Քոլորատոյի եւ Արիզոնայի միջեւ գիտակրթական կապերու ամրապնդման, ներառեալ՝ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներու աշխուժացման կարելիութեանց՝ յատկապէս հանրային կառավարման եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտներէն ներս: Աւինեան մատնանշեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ իրականացուող հանրային քաղաքականութեան մասնագէտներու ծրագիրին եւ «Մանուկեան Սիմոն» հետազօտական հիմնարկի դրական փորձերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին տնտեսական կապերու աշխուժացման համար անհրաժեշտ քայլերը, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի մէջ առեւտրական գրասենեակ բանալու հնարաւորութիւնը:
Աւինեան նաեւ ներկայացուց Հայաստանի բարձր ու տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի հնարաւորութիւնները եւ Ամերիկայի հետ այս ուղղութեամբ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Աւելի ուշ, նոյն պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Ըստ նախարարութեան՝ Մնա-ցականեան, ողջունելով հիւրերուն Հայաստան այցելութիւնը, նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները եղած են եւ կը մնան Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը: Երկուստեք դրական գնահատուեցաւ վերջին շրջանին հայ-ամերիկեան բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ցուցաբերած աշխոյժութիւնը եւ ընդգծուեցաւ փոխադարձ պատրաստակամութիւն՝ նպաստելու երկկողմանի օրակարգի ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ, յատկապէս՝ գիտակրթական, նորարարութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեանց եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներուն մէջ:
Կողմերը բարձր գնահատեցին Քալիֆորնիոյ հասարակական եւ քաղաքական կեանքին իրենց նպաստը ունեցող մեծաթիւ հայ համայնքին դերակատարութիւնը, զայն նկատելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ կապերու ամրապնդման իւրայատուկ կամուրջ:
Նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութեանց, կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին եւ երկրին արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:
Մնացականեան նաեւ զրուցակիցներուն ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները: