ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան քիւրտ պատգամաւոր Մերալ Տանըշ Պեշթաշը Սթոքհոլմի մէջ մասնակցեցաւ ասորիներու ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողովին:
Շուէտի մէջ ան ասորական համայնքի շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:
«Գոյութիւն ունի 1915ի Ցեղասպանութեան հարցը: Պէտք է առերեսուիլ անոր հետ եւ փորձել լուծում տալ: Կան Տերսիմի եւ շարք մը այլ կոտորածներու պարագաները: Առերեսումը լուրջ ներդրում պիտի ունենայ այդ հարցերուն լուծման գործին մէջ», ըսաւ պատգամաւորը:
Ան նաեւ դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակեն խտրական քաղաքականթիւն վարել երկրին քիւրտերուն նկատմամբ:
Իր խօսքը Անգարային ուղղելով՝ ան ըսաւ. «Դուք արգելքներ սահմանած էք քրտերէնի գործածութեան դէմ: Մինչեւ հիմա մայրենի լեզուով կրթութիւն կարելի չէ ստանալ: 7 կուսակցութիւն փակած էք: Այս հարցերը պէտք է լուծուին: Պետութիւնը նաեւ պէտք չէ միջամտէ հաւատքի հարցերուն: Պետութիւնը հաւատք եւ կրօն չունի: Թուրքիոյ մէջ եթէ թուրք ես, սիւննի ես, իսլամ եւ տղամարդ ես, ուրեմն ընդունելի քաղաքացի ես, իսկ, եթէ քիւրտ ես, հայ, ասորի եւ կին ես, ուրեմն ընդունելի չես»: