16էն 19 Յուլիս, Ասիոյ Եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութիւնը իր տարեկան հերթական ժողովը գումարեց Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմ-Փենի մէջ:
Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կ՛ընդգրկէ Ասիոյ բոլոր եկեղեցիները, որոնք կը գործեն առաւել քան 27 երկիրներու մէջ, ներառեալ Իրան: Իրանի հայոց եկեղեցին 2010ի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ մաս կը կազմէ այս խորհուրդին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ անոր աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ Յուլիս 2018ին, սոյն խորհուրդին Գործադիր վարչութիւնը իր տարեկան ժողովը գումարեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հրաւէրով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի: Սրբազանը 2010էն ի վեր Գործադիր վարչութեան անդամ է:
Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին ժողովը առաւօտեան պաշտամունքով սկսաւ իր աշխատանքը: Ժողովին ատենապետ Ուիլեըմ Սիմարմաթա արքեպիսկոպոսը ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ ցաւ յայտնեց, որ անցեալ տարի չէր կրցած մասնակցիլ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ժողովին, այնուամենայնիւ խնդրեց փոխատենապետ վեր. Տիանա Տանայէն վարելու նիստերը:
Ասիոյ Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Մաթիու Ժորժ Շունաքարան ներկայացուց իր տարեկան տեղեկագիրը: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գործունէութեան, եկեղեցական-բարոյական հարցերու եւ այդ ուղղութեամբ կազմակերպած համագումարներուն, երիտասարդութեան վերաբերող հիմնահարցերուն, ինչպէս նաեւ Ասիոյ Եկեղեցիներու խորհուրդի մնայուն կեդրոն ունենալու հարցին: Արծարծուած հարցերուն շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Այս առիթով եղած հարցերուն ընդհանուր քարտուղարը տուաւ լուսաբանիչ պատասխաններ: Ժողովի այլ կարեւոր հարցերէն էր 2020ին տեղի ունենալիք Խորհուրդի 15րդ համաժողովը: Խօսուեցաւ համաժողովի հաւանական եւ յարմարագոյն թուականին, վայրին եւ թեմային վերաբերող հարցերու մասին:
Ընդհնաուր քարտուղարի զեկոյցի քննարկումէն եւ զայն վաւերացնելէ ետք Սեպուհ սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները:
Առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին ժողովականները այցելեցին Փնոմ-Փենի Աւետարանական եկեղեցին, որուն պատուելին՝ Ինք Ջուն բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մասին: Ապա, Սեպուհ սրբազանը, յանուն ժողովականներու խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք Քամպոտիոյ ժողովուրդին, որ 1975-1979 տարիներուն ապրեցաւ իր պատմութեան ամենասեւ օրերը՝ ենթարկուելով «Քամեր ռուժ» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան: Մենք կը հասկնանք ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը նոյնպէս 1915ին ենթարկուեցաւ օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ»: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը ներկաները հրաւիրեց լռութեան եւ աղօթքով յիշելու հայոց եւ Քամպոտիոյ ժողովուրդներու նահատակները:
Նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուած էր պաշտօնական յատուկ ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Քամպոտիոյ մշակոյթի նախարարը, փոխնախարարը, Փնոմ-Փենի եկեղեցւոյ հաւատացեալները եւ երիտասարդները:
Երեք օրերու վրայ տարածուած աշխատանքով, ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին խորհուրդի նիւթաբարոյական գործունէութիւնը, իրագործուած ու ապագայի ծրագիրները: